ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, երէկ, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Իրլանտայի խումբին դիմաց պարտուեցաւ 0:1 արդիւնքով:
<<Եւրօ-2012>> ֆութպոլի առաջնութեան մեկնարկային այս խաղին հանդէպ հանրային հետաքրքրութիւնը մեծ եղած էր՝ դաշտ բերելով բազմաթիւ մարզասէրներ, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերեցին Հայաստանի խումբին: Յառաջիկայ Չորեքշաբթի, Հայաստանի հաւաքականը պիտի մրցի Մակեդոնիոյ խումբին դէմ: