Դաշնակցութեան նպատակը երկիրը առողջացնելն է

By Aztag Daily | Tuesday, 21 March 2017



Ամէն մարդ իր արժանապատիւ վարձատրութիւնը պիտի ստանայ, եթէ  երկիրը ճիշդ ճամբուն վրայ ըլլայ, սակայն անոր համար պէտք են մեքանիզմներ, պէտք է միջավայր փոխուի: Այս մասին երէկ Կոտայքի մարզի Քաղսի համայնքի ընտրողներուն հետ հանդիպումին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Անոր համաձայն, կարելի չէ մարդիկը խաբել, սուտ խոստումներ տալ միայն անոր համար, որ այդ օրը գան եւ իրենց օգտին քուէարկեն: Ըստ Ռուստամեանի, երկրի բոլոր ընկերային հարցերուն հիմքը քաղաքական համակարգն է եւ եթէ քաղաքական համակարգը չփոխուի, այդ բոլոր խնդիրները պիտի մնան անփոփոխ:

Դաշնակցական թեկնածուն բնակիչներուն ներկայացուց խորհրդարանական կառավարման համակարգի առաւելութիւններն ու հաստատեց, որ նոր համակարգին մէջ պիտի չըլլայ մէկը, որ միանձնեայ  որոշում տայ, վերէն մինչեւ վար բոլոր քատրային նշանակումները կատարէ:

<<Դաշնակցութիւնը ի սկզբանէ ըսած է, որ այս համակարգը չարիք ծնող համակարգ է: Մենք 1990-1991 թուականներէն նոյն բանը կ՛ըսենք: Նախագահական ընտրակարգին իբրեւ հետեւանք Հայաստանի մէջ երեք նախագահ փոխուեցաւ, բայց մարդոց կեանքին մէջ ոչինչ փոխուեցաւ, եղաւ սեփականութեան դերաբաշխում, մէկէն անցաւ միւսին, արդիւնքը`  ժողովուրդը ոչինչ ստացաւ, չքաղեց անկախութեան պտուղները>>, յայտարարեց Ռուստամեան:

Անոր համաձայն, դաշնակցութեան նպատակը երկիրը առողջացնելն է. <<Ճիշդը դժգոհութիւնը ծնող պատճառները վերացնելն է, քան տեղ-տեղ ցաւազրկելը, որովհետեւ մինչեւ հիւանդութիւնը չբուժես` մարմինը չի կրնար առողջանալ>>, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ եթէ մարդիկ արագ փոփոխութիւններ կ՛ուզեն, ապա ձեւաւորուող խորհրդարանը պէտք է որակ ունենայ:

Ըստ Ռուստամեանի, ժողովուրդի իշխանութիւնը կը դրսեւորուի  ընտրութեան ժամանակ: <<Որեւէ մէկը չի կրնար ձեր ձայնը կեղծել: Մարդիկ զզուած են ընտրութիւններէն, որովհետեւ իրենց ձայնը կեղծուած է: Մարդիկ զզուած են եւ նախընտրած ընտրակաշառքի ձեւը, ըսած են` առիթ է, գոնէ 10-15 հազար դրամ շահինք, որովհետեւ այս  ընտրութեամբ բան պիտի չփոխուի: Հաւատացէ՛ք, որ ժողովուրդին  իշխանութիւնը կը դրսեւորուի ընտրութեան ժամանակ, դուք ձեր իշխանութենէն մի՛ հրաժարիք, ատիկա աւելի մեծ բան է, քան 10-15  հազար դրամը, որով ձեզ կը գայթակղեցնեն, այդպիսով պարզապէս ձեր իշխանութիւնը ձեզմէ կը խլեն>>, ըսաւ ան` յորդորելով գիւղացիները` մասնակցիլ ընտրութեան եւ իրենց քուէին տէրը ըլլալ:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement