By Asbarez | Wednesday, 24 May 2017
ՇՈՒՇԻ - <<1992 թուականին, մենք ժառանգեցին աւերուած, ռմբակոծուած, յօշոտուած Շուշի, եւ պատերազմի ծանր փորձութիւններով անցած Արցախի առջեւ խնդիր դրուած էր վերականգնել ու նոր շունչ տալ բերդաքաղաքին>>, <<Արցախփրէս>>ին ըսած է Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան՝ նշելով, որ անցած 25 տարիներու ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կատարուած է:
Խօսելով քաղաքին մէջ հաստատուած բնակչութեան թիւին մասին՝ քաղաքապետը նշած է, որ այժմ Շուշիի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 5000 մարդ. ուրախալին այն է, որ տարիէ տարի բնակչութեան թիւը կ՛աճի:
<<Շատերը կը ցանկան հաստատուիլ Շուշի, սակայն 2008էն բնակարաններ չունինք: Կան դատարկ տուներ, որոնց տէրերը շատոնց է՝ քաղաքի մէջ չեն ապրիր եւ, հնարաւորութեան պարագային, կարելի է այդ տուները ձեռք բերել ու տրամադրել այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին Շուշիի մէջ եւ բնակարանի կարիք ունին>>, աւելցուցած է քաղաքապետը եւ ընդգծած, որ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն բնակչութեան թիւի պահպանման:
<<Անցեալ 4 տարիներուն ընթացքին Շուշիի բարձրայարկ շէնքերու տանիքները հիմնականօրէն վերանորոգուած են: Կը նախատեսուի նաեւ բազմաբնակարան շէնքերու, մուտքերու, բակերու բարեկարգում եւ երեխաներու համար նոր խաղահրապարակներու կառուցում: Նիկոլ Դուման փողոցէն մինչեւ յայտնի <<æդրդուզ>> կոչուող հատուածը պետական ֆինանսաւորումով կ՛իրականացուին ասֆալթապատման աշխատանքներ>>, մանրամասնած է քաղաքապետը եւ աւելցուցած, որ Շուշիի մէջ նոր շէնքեր կառուցելու ժամանակ կ՛օգտագործուին միայն տեղական շինանիւթեր՝ պահպանելով Շուշիի ճարտարապետական հին տեսքն ու գոյնը:
Կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները, ըստ քաղաքապետին, ամբողջովին պիտի փոխեն Շուշիի դիմագիծը՝ դարձնելով զայն ե՛ւ աւանդական, ե՛ւ ժամանակակից:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին