Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ մեկնարկած է ֆիլմերու յատուկ աշխատարան

By Asbarez | Saturday, 15 July 2017

0714tumo

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - <<Արցախփրէս>>ը կը հաղորդէ, թէ Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մեկնարկած է ֆիլմերու յատուկ աշխատարան մը, զոր կը վարէ արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:

Երեք շաբթուան ընթացքին բեմադրիչը ուսանողներու հետ պիտի պատրաստէ երեք ֆիլմ: Առաջին շաբթուան ընթացքին ուսանողները ծանօթացան շարժապատկերի եւ համադրութեան (montage) հիմքերուն, ընտրեցին ֆիլմի դերակատարները եւ կազմեցին բեմագրութեան ծրագիր: Երկրորդ շաբաթուան ընթացքին սկսան ֆիլմերու հիմնական նկարահանումները:

<<Երեխաները աւելի լաւ պատրաստուած էին նկարահանման քան ես կը պատկերացնէի: Ես կը սպասէի դասընթացքի լաւ ընթանալուն, բայց սպասելիքներս աւելին էին. թէ՛ այն խումբը, որ կը կատարէ հիմնական նկարահանումները, եւ թէ, ընդհանրապէս, ամբողջ դասընթացքի մասնակիցները կը տիրապետեն իրենց աշխատանքին>>, յայտնեց Ջիւան Աւետիսեան՝ շեշտելով յատկապէս գործող խումբի արագընթաց աշխատիլը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ առաջին ֆիլմին հերոսը Ստեփանակերտի մէջ գործող <<Նռենի>> խանութի հիմնադիր Արմոնտ Թահմազեանն է: Ան Արցախ տեղափոխուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն: Իր խօսքին մէջ, վերջինս, յայտնեց, որ ինք պարտական է իր ընտանեկան դաստիարակութեան. անոնք իր մէջ սէր յառաջացուցած են դէպի հայրենքը, յատկապէս հայրենիքի մէջ ապրելու եւ զայն շէնցնելու գաղափարը: Արմոնտ կը կարծէ, որ Արցախի մէջ գործելու լայն ասպարէզ կայ:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement