Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովին ՀՅԴ-ն կասեցուց Ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը

By ARF Press Office | Monday, 17 July 2017



11 եւ 12 յուլիսին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը, որուն առաջին նիստին հիւրաբար խօսք առաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր ուղերձին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ զինեալ բախումներու պատճառով ստեղծուած տեղահանուածներու համատարած տագնապին, աշխարհը պատուհասող միջազգային ահաբեկչութեան եւ կենսոլորտի փոփոխութեան ճգնաժամին եւ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, մանաւանդ շեշտելով համատարած անգործութեան լուծումներ գտնելու հրամայականը: Ան շեշտեց նաեւ, որ զինեալ առճակատումներու կանխարգիլման ուղղութեամբ աւելի գործնական լուծումներ պէտք է որդեգրէ միջազգային ընտանիքը:

ՄԱԿ-ի մէջ այս ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար միջազգայնականի լիիրաւ անդամ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Հայաստանը ներկայացնող ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, իսկ այդ պատուիրակութեան անդամներն էին` Վահագն Գարագաշեան (Քանատա), Սանտրա Վարդանեան (Միացեալ Նահանգներ), Մարալ Չոլոյեան (Միացեալ Նահանգներ), Սեւակ Պելեան (Քանատա), Յակոբ Յակոբեան (Քանատա), Նարէ Քիւփէլեան (Միացեալ Նահանգներ):

Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ-ի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ է, իսկ Արմէն Ռուստամեան տարածաշրջանի յանձնախումբի նախագահ է:

Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու եւ ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա ներկայացուցին այս ժողովի հետեւեալ երեք գլխաւոր նիւթերը`

1) Ամրագրել բազմակողմ համագործակցութիւնը խաղաղութեան համար:

2) Վերահաստատել մեր արժէքներն ու քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ փոփոխութիւններու լոյսին տակ:

3) Պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը, ուր որ ժխտուած է կամ կը գտնուի սպառնալիքի տակ:

Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա յատուկ կերպով անդրադարձաւ Թուրքիոյ ներքաղաքական կացութեան եւ անոր իշխանութիւններուն ի գործ դրած բռնաճնշումներուն: Խօսք առաւ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ումութ Օրան, որ յայտնեց, թէ ներկայ դրութեամբ Անգարայի իշխանութեանց հալածանքներուն իբրեւ հետեւանք Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած է 50 հազար քաղաքացի, 164 լրագրող, 200 լրատուամիջոց եւ 12 խորհրդարանի անդամ: Ան հաստատեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր ոտնակոխուած են մարդ անհատի իրաւունքները, խօսքի ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերվար միջազգայնականի մեծ ընտանիքին ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Ազրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արազ Ալիզատէ խօսք առնելով յայտարարեց, որ Ղարաբաղի հայերը ռուսերուն անմիջական օժանդակութեամբ գրաւած են Ազրպէյճանի 20%-ը: Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ու նախկին նախագահները որակեց իբրեւ Ղարաբաղի մաֆիա եւ նշեց, որ 2016-ի ապրիլին հայկական կողմի յարձակումը սանձելու նպատակով միայն Պաքուն զինուորական գործողութեամբ հակադարձեց: Ըստ Ալիզատէի, անցնող քառասուն օրերուն հայերը 30 երեխաներ սպաննած են: Ալիզատէ նաեւ կոչ ուղղեց վերջ տալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդական առաքելութեան եւ Ղարաբաղի հարցը յանձնելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ պատուիրակութեան ղեկավար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, որ նախ եւ առաջ ցաւ յայտնեց ազրպէյճանցի ներկայացուցիչի ապատեղեկատուական, անարգալից ու զգացական զեղումներով կատարած անընդունելի ելոյթին համար: Ան յայտնեց, որ 2016-ի ապրիլեան ազրպէյճանական գրոհը մեծ խախտում էր 1994-ի Ազրպէյճանի իսկ ստորագրութիւնը կրող հրադադարին եւ կը միտէր բռնկեցնել Արցախի ու Հայաստանի սահմանները` նոր պատերազմի մը սկիզբ տալով. ազրպէյճանական նախայարձակ բանակը ո՛չ միայն խախտեց պատերազմական միջազգային օրէնքը, այլ նաեւ խողխողումի ենթարկեց սահմանամերձ խաղաղ հայ բնակիչներ, որոնց մէջ տարեցներ եւ երեխաներ. այս խժդժութիւնները կը վերյիշեցնէին Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի մէջ հայերուն դէմ գործադրուած սպանդները, որոնց միջոցով Պաքուն բնաջնջեց Ազրպէյճանի մէջ բնակող հայութեան կարեւոր տոկոսը ու մնացեալն ալ աքսորեց իր երկրէն դուրս: Ան շեշտեց, որ Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ազրպէյճանին, այլ խորհրդային իշխանութիւններու կամայական որոշումով զետեղուած էր Խորհրդային Ազրպէյճանի հովանիին տակ ստալինեան օրերուն:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ յայտնեց որ հայ ժողովուրդը լաւ գիտէ պատերազմի արհաւիրքը, որովհետեւ անցեալ դարուն ունեցած է դառն փորձառութիւնը Ցեղասպանութեան, որ ծրագրուած ու գործադրուած էր թուրք պետութեան կողմէ իր իսկ քաղաքացիներուն նկատմամբ 1915-1923-ի ընթացքին: Ուստի, բնական է, որ Ղարաբաղի հայութիւնը, որ ճաշակած էր ազրպէյճանական հալածանք ու սպանդ եւ տեսած թէ Ազրպէյճանի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներն անգամ կը հերոսացնեն հայասպան ոճրագործներ, բացառէր Ազրպէյճանի որեւէ ենթակայութիւն: Ղարաբաղի ժողովուրդին համար երբեք ընդունելի չէ ազատ ինքնորոշման իր միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքի ոտնակոխումը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութեան, ապատեղեկատուութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու փոխարէն իր պետութիւնը մղելու, որ Ղարաբաղի հարցը Մինսքի խմբակի միջոցով ու քաղաքակիրթ երկխօսութեան ճամբով լուծելու հետամուտ ըլլայ: Ան շեշտեց, որ պատերազմը պէտք է բացառուի ու Արցախի հիմնախնդիրի հանգուցալուծման համար իրագործուին հետեւեալ կէտերը.

Ա. 1994-ի զինադադարի ամրագրում եւ Վիէննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի հանաձայնութեանց յարգում:

Բ. Ազրպէյճանի հրադադարի խախտումներու կասեցում եւ շփման գիծի երկարութեան հետախուզական սարքերու զետեղում, որպէսզի անառարկելիօրէն ճշդուին խախտումներու աղբիւրն ու նախաձեռնող կողմը:

Գ. Ազրպէյճանական մերժողական քաղաքականութեան դադրեցում, միայն խաղաղ ճանապարհով հարցի լուծման ազրպէյճանական յանձնառութիւն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանաւորութեան ներքոյ բանակցութիւններու լուրջ վերսկսում:

Դ. Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ իր իսկ քաղաքացիները իբրեւ մարդկային վահան օգտագործելու դատապարտում եւ այդ բարբարոս վերաբերմունքին վերջակէտ դնելու անհրաժեշտութիւն:

Երկօրեայ այս ժողովի ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, օրակարգերու քննարկումներու մասնակցութեան առընթեր, հանդիպումներ ունեցաւ Լատին Ամերիկայի, Արեւմտեան Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Թուրքիոյ, արաբական աշխարհի, Կիպրոսի, Քոսովոյի, Իսրայէլի, քրտական կազմակերպութիւններու եւ Ընկերվար միջազգայնականի Կանացի կազմակերպութեան պատուիրակութեանց հետ:

14 յուլիսին ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը մասնակցեցաւ կանացի ժողովին:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement