ԵՐԵՒԱՆ.- 17 Սեպտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովի օրակարգային հարցերուն:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայ Դատի գրասենեակներու համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով:
Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Կարօ Փայլանի գործունէութեան՝ կարեւոր նկատելով անոր մասնակցութիւնը համահայկական խորհրդաժողովին: Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան համահայկական օրակարգի հարցերուն վերաբերեալ: Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանային խնդիրներու հանգուցալուծման առնչուող հարցեր:
ՓԱՅԼԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿՈՂՄԷ
17 Սեպտեմբերին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլանը։ Կաթողիկոսը ողջունեց երեսփոխանին այցելութիւնը Հայաստան, Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին առիթով ու գնահատանքով անդրադարձաւ անոր խորհրդարանական գործունէութեան։ Կարօ Փայլան վեհափառին ներկայացուց տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին իր տեսակէտները եւ Թուրքիոյ հասարակական կեանքի այժմու իրավիճակը։ Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ հայ համայնքին եւ ազգային կեանքին վերաբերող զանազան հարցերու մասին։