By Asbarez | Friday, 20 April 2018
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի, 19 Ապրիլին, կառավարութեան առաջին նիստին ընթացքին յայտնեց, որ կը հրաժարարի կառավարութեան որոշումով իրեն յատկացուած առանձնատան սեփականութեան իրաւունքէն:
Նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրուցելով, արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Յարութիւնեան յայրտնեց, որ վարչապետը պիտի ապրի կառավարական ամառանոցին մէջ:
Նոյն նիստին ընթացքին Սարգսեան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը պիտի աւարտի երկու-երեք օրէն:
Նշենք, որ նիստը չսկսած, յայտնի դարձած էր, որ նախարարի իրենց պաշտօնին վերանշանակուած են եւս երեք նախարարներ՝ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը եւ ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեանը:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին