By Asbarez | Friday, 15 June 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցներու կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու շնորհիւ՝ ձերբակալուած են խումբ մը անձեր, որոնք զբաղուած են մեծ քանակով թմրամիջոցներու մաքսանենգութեամբ եւ ապօրինի տարածումով:
ԱԱԾի մամլոյ կեդրոնը կը հաղորդէ, որ Իրանի քաղաքացի Ա.Կ.ը, 7 Յունիս 2018ին, Մեղրիի անցակէտով մուտք գործելով Հայաստան՝ ուղեւորուած է հայ-իրանեան սահմանի՝ նախապէս պայմանաւորուած հատուածը, ուր Իրանի կողմէն սահմանը հատած յանցակիցը անոր փոխանցած է շուրջ 4 քիլոկրամ ափիոն տեսակի եւ շուրջ 6 քիլոկրամ հերոյին տեսակի թմրամիջոցներով 5 ծրարներ: Այնուհետեւ վաճառելու նպատակով ծրարները փոխադրած է դէպի Գորիս՝ նախապէս պայմանաւորուած վայրը պահելու եւ պատուիրատուին փոխանցելու մտադրութեամբ, սակայն ճանապարհին՝ Կապանի մէջ, ձերբակալուած է ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէ: ԱԱԾ աշխատակիցները նոյն օրը դարանակալած եւ ձերբակալած են նաեւ թմրամիջոցներու յիշեալ խմբաքանակը վերցնելու համար նշուած վայր ժամանած Հայաստանի քաղաքացի Գ.Ս.ը:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին