Երեւան Հիմնադրամի Տնօրէնը Կը Ձերբակալուի

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0615yerevan

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռադիօլուր>> - <<Երեւան>> հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Ղազարեան եւ Դաւիթաշէն վարչական շրջանի ղեկավարի տեղակալ Խաչատուր Կիրակոսեան ձերբակալուեցան:

13 Յունիսին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Հայաստանի քաղաքացիներ Վ. Գ.էն եւ եւ Ա. Խ.էն տեղեկացած է, որ Երեւանի   քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձեր, կառուցապատման եւ գոյքի ձեւակերպման  համապատասխան թոյլտուութիւններ տրամադրելու դիմաց, բացի օրէնքով սահմանուած վճարումներէն, պարտադրած են իրենց <<Երեւան>> հիմնադրամին փոխանցել մեծ չափերով գումարներ:

Քննութեան ընթացքին պարզուեցաւ, որ վերոնշեալ պատրուակով կանխիկ ստացուած գումարներուն մէկ մասը հիմնադրամի հաշուոյն չէ մուտքագրուած եւ գողցուած է:

Յանցագործութեան մասին հաղորդումներու հիման վրայ՝ ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութիւնը Երեւանի քաղաքապետարանի վարչական շէնքին մէջ գտնուող <<Երեւան>> հիմնադրամի աշխատասենեակները խուզարկեց եւ ձեռնարկեց լայնածաւալ հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու՝ քաղաքացիներէն գումարներու  հաւաքագրման հանգամանքները, ծախսերու ուղղութիւնները եւ նպատակայնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրինականութիւնը պարզելու ուղղութեամբ:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement