Մենք Համոզուած Ենք, Որ Պարտադիր Կուտակային Համակարգը Ներկայ Ձեւով Չի Համապատասխաներ Մեր Քաղաքացիներու Շահերուն - Արծուիկ Մինասեան

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0614ardzvik

ԵՐԵՒԱն - Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացումներու եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան 13 Յունիսին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ կառավարութիւնը համախմբուած մարմին է, ուր որոշումները կը գոյացուին բոլորին կողմէ եւ այս պահուն որոշումը այն է, որ 1 Յուլիսէն սկսեալ պէտք է գործէ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչը:

Յիշեցնենք, որ Արծուիկ Մինասեան միշտ դէմ եղած է պարտադիր բաղադրիչին: Աւելին, ան, երբ պատգամաւոր էր, ներկայի արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանի հետ դիմած էր Սահմանադրական դատարան, որ պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական ճանչցած էր:

Ներկայիս պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգէն կ՛օգտուին 270 հազար աշխատողներ, իսկ 1 Յուլիսէն սկսեալ, երբ համակարգը պարտադիր դառնայ, անոնց կը միանան եւս 80 հազար աշխատողներ: Նոր կառավարութիւնը գտած է ձեւը. պարտադիր կուտակային համակարգին միացող աշխատողներուն կը փոխհատուցէ եօթ տոկոսը, իսկ աշխատողը իր կենսաթոշակային համակարգին կը փոխանցէ 2.5 տոկոս: Նախապէս ե՛ւ պետութիւնը, ե՛ւ աշխատողը կուտակային համակարգին կը փոխանցէին հինգական տոկոս:

<<Պարոն վարչապետը յստակօրէն բացատրեց, որ եթէ այս համակարգը յետաձգուի, 270 հազար աշխատողներ օրինաւոր կերպով հարց պիտի բարձրացնեն, թէ ինչո՛ւ համակարգին միացած են, բայց հարցը դարձեալ կը յետաձգուի: Այս փոփոխութիւններով մենք կը մեղմացնենք համակարգին միացողներուն բեռը՝ օրակարգի վրայ պահելով շատ յստակ հարցում մը՝ արդեօք պարտադիր կուտակային բաղադրիչը հակասահմանադրական է, թէ՝ ո՛չ>>, ըսաւ Մինասեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախարարին համար կասկածելի՞ է, որ պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական է՝ Մինասեան ըսաւ, որ ինք գիտէ անոր հակասահմանադրական ըլլալը:

<<Մենք համոզուած ենք, որ պարտադիր կուտակային համակարգը այն ձեւով, ինչպէս մենք ունինք, չի համապատասխաներ մեր քաղաքացիներու շահերուն՝ մեր պետութեան տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ: Մեր պայքարը Սահմանադրական դատարանին ու փողոցին մէջ յստակ հիմքեր ունէր: Այս կառավարութիւնը կարելիութիւն ունի ուսումնասիրել հակասահմանադրականութեան հարցը>>, յայտարարեց Մինասեան:

Ըստ նախարարին՝ սկզբունքայնութիւնը այդ հարցի լուծման ուղղութեամբ հետեւողական ըլլալն է:

<<Երբ զգանք, որ անկարելի է այլեւս շարունակել, համոզուած եղէք, որ հեռանալու կամք ու վճռականութիւն կայ>>, աւելցուց դաշնակցական նախարարը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement