Դաշնակցութիւնը Ներկայացուց Ընկերային-Տնտեսական Քաղաքականութեան Իր Նախագիծը

By Asbarez | Saturday, 18 August 2018

0811arthurkhachaderian1

ՀՅ Դաշնակցութիւնը մշակած է ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներու իր նախագիծը:

Այս մասին՝ ըստ «Երկիրմեդիա»ի, 10 Օգոստոսին, նախագիծի շնորհահանդէսին ընթացքին յայտնեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները:

«Մինչ այժմ գործող բոլոր իշխանութիւնները ազատական քաղաքականութեան տէր եղած են, եւ դրօշակ դարձած է «պետութիւնը վատ տնտեսավարող է, պետութիւնը պէտք է հեռու մնայ» խօսքը: Մենք այդ մօտեցումին դէմ ենք: Երբ ունինք շուկայի ձախողութիւն, այդ պարագային պետութիւնը պէտք է ինք տնտեսական գործունէութիւն իրականացնէ», նշեց գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան (նախարարին խօսքը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ այսօրուան ՕՐԸ ՕՐԻՆ սիւնակով):

Ըստ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանի՝ այս նախագիծը չէր կրնար հակասել Դաշնակցութեան նախորդ ծրագիրներուն: «ՀՅԴ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները» նախագիծին նպատակը այս հարցով դաշնակցութեան տեսլականը ներկայացնելն է:

«Այն օրէնսդրական փոփոխութիւնները, որոնք յառաջիկային կը սպասուին, վկայութիւնն են մեր կողմէ առաջարուած մօտեցումներու ճիշդ ըլլալուն: Անոնք կը վերաբերին գնագոյացման արդար համակարգէն մինչեւ եկամուտներու վերաբաշխման քաղաքականութեան», ըսաւ նախարար Արծուիկ Մինասեան:

Ըստ երկու նախարարներուն՝ իրենք որոշ հարցերու շուրջ համախոհութիւն ունին կառավարութեան միւս անդամներուն հետ, բայց իրենց գաղափարները ամբողութեամբ իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է գործադիրին մէջ լիարժէք մեծամասնութիւն ունենալ:

Նախագիծը այսօրուընէ կը ներկայացուի հանրութեան դատին: Շուրջ երկու ամսուան հանրային քննարկումներէ ետք անիկա պիտի ամփոփուի եւ պիտի ներկայացուի նաեւ նախագիծին վերջնական տեսքը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement