Պաշտպանութեան Բանակը Կը Կանխէ Հակառակորդի Յարձակման Փորձը

By Asbarez | Saturday, 18 August 2018


0818army

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16 Օգոստոսի կէս գիշերին, ատրպեճանական 15 հոգիէ բաղկացած զինեալ խումբ մը յարձակման փորձ կատարեց Արցախի հիւսիսային սահմանի մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) դիրքապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները եւ ետ շպրտած են զանոնք:

Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան ընթացքին ՊԲը որեւէ կորուստ չէ ունեցած: Հակառակորդի ունեցած կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշդուին:

Անդրադառնալով հակառակորդի այս ձախողած յարձակման փորձին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան ըսաւ, «Արտառոց ոչ մէկ բան տեղի ունեցաւ: Այս անգամ եւս փորձ կատարեցին եւ բոլորովին ձախողեցան: Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վերահսկելի, եւ մեր կողմէ թուլութեան որեւէ դրսեւորում եւ, մանաւանդ, խուճապ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ»:

Խօսելով վերջին շրջանին Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի իրավիճակին մասին,  Բալայեան նշեց, որ իրավիճակը կայուն է, սակայն այդ կայունութեան հիմնական գրաւականը այն է, որ հայկական կողմը միշտ պատրաստ է եւ զգօն:

«Մենք գիտենք հակառակորդի նենգութեան եւ ատելութեան աստիճանը: Այդպիսի ահաբեկչական փորձերուն ձախողումը ցոյց կու տայ, որ ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը կը շարունակէ մնալ Պաշտպանութեան բանակի ձեռքին մէջ», ըսաւ Բաբայեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement