Արամ Ա. Մեր Ժողովուրդը Իր Հաւաքական Կամքը Արտայայտեց

By Asbarez | Tuesday, 11 December 2018

1211Aram

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 10 Դեկտեմբերին, նամակ մը յղելով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ շնորհաւորեց Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն կայացումը: Ստորեւ կու տանք նամակը՝ ամբողջութեամբ.

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ձեզ ու հայրենի մեր սիրելի ժողովուրդը:

Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018ը նշանակալից օր մըն էր Հայաստանի համար: Մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքը արտայայտեց նոր Ազգային ժողովի ընտրութեամբ՝ ի խնդիր ազատ, ժողովրդավար ու հզօր Հայաստանի: Ժողովուրդի կամքը նաեւ արդա՛ր սպասումն է այնպիսի հայրենիքի մը, ուր ընկերային արդարութիւնը, տնտեսական զարգացումը, ժողովուրդին կենսամակարդակի բարելաւումը, օրէնքով բազմակարծիքութեան երաշխաւորումը, օրէնքի իշխանութեան ամրապնդումը վերածուին թափանցիկ եւ համարատու գործընթացքներու եւ ծրագիրներու:

Արտաքին ճակատի վրայ, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման մեր ժողովուրդի պահանջքի հետապնդումը, ինչպէս նաեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մեր բարեկամներու ու գործակիցներու ծիրին ընդլայնումը, վստահաբար առաջնահերթ տեղ պիտի գրաւեն Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ:

Սփիւռքը, Արցախի կողքին, որպէս անբաժան մասը Հայաստան աշխարհի, անհրաժեշտ է որ, ինչպէս յաճախ կը շեշտենք մեր պատգամներուն մէջ, սոսկ բարեգործի ու ներդրողի դերէն անդին՝ համահայկական օրակարգերու քննարկումի ու որոշման մասնակցողի գործօն դերակատարութիւն ստանձնէ:

Սիրելի՛ պարոն նախագահ, մեր համոզումով, նման աշխատանքներու կատարումով ու ծրագիրներու իրագործումով եւ մեր ժողովուրդին յանձնառու մասնակցութեամբ կրնանք Հայաստանը առաջնորդել դէպի առաւել հզօրացում՝ իր առողջ տնտեսութեամբ, արի բանակով ու պետական կազմակերպ կառոյցներով:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք հայրենի մեր սիրելի ժողովուրդը: Թող Աստուած ամուր պահէ ու պահպանէ մեր սիրելի հայրենիքը»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement