By Asbarez | Saturday, 15 December 2018
ՊԵՐԼԻՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով վարչապետի պաշտօնական կայքը։
«Ընտրութիւններուն ընթացքին ձեր արձանագրած յաղթանակին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ: Գերմանիան մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութեան: Մենք կը փափաքինք այսուհետեւ եւս մեր աջակցութիւնը յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ վերահաստատել Երեւան կատարած իմ այցելութեան ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնը՝ մեր յարաբերութիւններու խորացման վերաբերեալ», գրած է Մերքել:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին