Լուքաշենքօ Ներողութիւն Խնդրեց Նիկոլ Փաշինեանէն

By Asbarez | Saturday, 15 December 2018

1215lukashenko

ՄԻՆՍԿ.- Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Մինսկի մէջ գործող ռուսական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբերին ունեցած հանդիպման ընաթցքին ըսաւ, որ Եւրասիական խորհուրդի՝ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ գումարած նիստէն ետք փակ քննարկման բոլոր մասնակցողները ներողութիւն խնդրած են իրարմէ:

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը այս մասին տեղեկացնելով՝ կը ներկայացնէ Լուքաշենքոյի վկայութիւնը. «Ես ներողութիւն խնդրեցի Նիկոլ Փաշինեանէն, որուն վրայ տարբեր պատճառներով յարձակած էի. Փութին ներողութիւն խնդրեց բոլորէն: Այնտեղ խառնաշփոթ վիճակ էր… Նազարբաեւն ալ սկսաւ ներողութիւն խնդրելու… Մենք բոլորս այս հանդիպման ընթացքին ներողութիւն խնդրեցինք իրարմէ»:

«Սփութնիք»ը կը տեղեկացնէ, թէ Լուքաշենքօ յայտնեց, թէ համոզուած է, որ ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին պէտք է երիտասարդ եւ տաղանդաւոր զօրավարներ նշանակուին, ոչ թէ թոշակի տարիքի պաշտօնեաներ, որպէսզի բարձրանայ կազմակերպութեան կարգավիճակը:

Լուքաշենքօ նաեւ ըսաւ, որ ՀԱՊԿի նոր գլխաւոր քարտուղարի նշանակման շուրջ «խառնաշփոթի հեղինակ»ը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է:

«Խայտառակութիւն է, մենք չենք յաջողիր ընտրել ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար: Չէ՞ որ հարցը մենք չենք ստեղծած, այլ ան (Նիկոլ Փաշինեան): Եթէ ան իմաստուն մարդ է, ուրեմն այս հարցը առանց աղմուկի կը լուծէինք, նոր պաշտօնեայ կ՛ընտրէինք, մանաւանդ, որ այդ պաշտօնը այդքան ալ մեծ նշանակութիւն չունի: Բայց ո՛չ, Նիկոլ Փաշինեան մեզ մտցուց ներքաղաքական հարցերու մէջ», ըսաւ Լուքաշենքօ՝ ընդգծելով, որ ՀԱԿՊի անդամ պետութիւններու ղեկավարները չեն խառնուած Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն, այլ Փաշինեանն է, որ զիրենք ներքաշած է այդ հարցերու քննարկման մէջ:

Ըստ Լուքաշենքոյի՝ Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները Փաշինեանին մէկ հարցում տուին՝ ինչու ան չէ հեռաձայնած ու չէ խորհրդակցած կարեւոր որոշում տալէ առաջ:

Ռուս լրագրողներու հետ վերոնշեալ հանդիպման ընթացքին, Լուքաշենքօ պատմեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման քննարկումներու ծիրին մէջ իր եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուած  առաջարկներուն մասին: 2016ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿի գագաթնաժողովին ընթացքին, Լուքաշենքօ եւ Փութին առաջարկած էին՝ «յանձնել 5 շրջանները Ատրպէյճանին: Ան (նախագահ Սերժ Սարգսեան) ըսաւ՝ եթէ յանձնէ այդ շրջանները, Ատրպէյճան կը կտրէ ճանապարհը եւ կը գրաւէ Ղարաբաղը: Ես եւ Փութին խոստացանք, որ կը ներգրաւենք մեր զօրքերը եւ թոյլ չենք տար այդ բանը պատահի: Ան մերժեց առաջարկը», պատմեց Լուքաշենքօ:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանին զէնք ծախելու հարցին, Լուքաշենքօ յայտնեց, որ հայկական կողմը զինք պէտք չէ մեղադրէ, որովհետեւ ինք «Պոլոնեզ»ի փորձարկման հրաւիրած էր թէ՛ ատրպէյճանական, թէ՛ հայկական, եւ թէ ռուսական կողմերը, որպէսզի անոնք համոզուէին, որ այդ զէնքը բարձր ճշգրտութեամբ կ՛աշխատի:

«Ատրպէյճանցիները խնդրեցին, որ ծախենք, իսկ մենք ալ պէտք է վերադարձնէինք մեր առած վարկը, այդ պատճառաւ… Եւ այն ատեն ես ըսի, որ կը ծախեմ զանոնք ատրպէյճանցիներուն: Հայերուն ալ նոյնանման համակարգ առաջարկեցի, բայց անոնք հրաժարեցան՝ ըսելով, որ իրենք ունին ռուսական «Իսկանտար»ը, զոր զօրահանդէսին ցոյց տուին: Եւ մենք ատրպէյճանիցնուրուն խնդրանքով զօրահանդէսի մը համար պատրաստեցինք համակարգը: Երեւի իմ յանցանքը այն է, որ ես փորձեցի զօրահանդէսի համար այդ համակարգը պատրաստել: Բայց չէ՞ որ ես հայերուն ալ առաջարկեցի, եւ անոնք ըսին, որ չեն ուզեր», պատմեց Լուքաշենքօ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement