Ռուս-Վրացական Համաձայնութիւն՝ Հայաստանի Առեւտուրի Ցամաքային Միջանցքներու Շուրջ

By Asbarez | Wednesday, 06 February 2019

0205rus gerg

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուա եւ Թիֆլիս աւարտեցին Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող առեւտուրի այլընտրանքային ճամբաներ գոյացնելու վերաբերեալ քննարկումները:

Ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ կառավարական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, թէ երկու կողմերը վերջնականացուցին մաքսային վարչարարութեան եւ ապրանքներու հսկողութեան վերաբերող պայմանագիրը։

Համաձայնագիրը իրաւունք կու տայ օգտագործելու Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ տարածքները՝ առեւտուրի եւ տարանցումի համար:

Ըստ «Քոմերսանթ»ի՝ Հայաստան շահագրգռուած է համաձայնագիրի շուտափոյթ իրականացումով, որովհետեւ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ յատկապէս Հարաւային Օսեթիոյ վրայով տարանցում կատարելը՝ իբրեւ այլընտրանք Լարս անցքին, որ ձմեռները յաճախ կը փակուի սաստիկ ցուրտ պայմաններուն պատճառով:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement