By Asbarez | Wednesday, 06 February 2019
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց Երկուշաբթի, 4 Փետրուարին, լրագրողներու յայտնեց, որ «Պաշտօնապէս յայտնում եմ, որ խմբակցութիւնում օրհներգը կամ որեւէ խորհրդանիշ փոխելու հետ կապուած օրակարգ չկայ»:
Ըստ Մակունցի՝ խորհրդանիշները փոխելու վերաբերեալ պէտք է չափազանց զգուշաւոր ըլլալ եւ կարելի չէ ամէն առիթով դիտարկել փոփոխութիւններու հարցը: «Սակայն իմ անձնական կարծիքն օրհներգի հետ կապուած արդէն յայտնել եմ», ըսաւ Մակունց:
Նշենք, որ մամուլին մէջ լայն շրջանառութիւն ստացան օրհներգը փոխելու վերաբերեալ քննարկումները: Հասարակական ցանցերու վրայ հարցը հրապարակ հանած էր Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամ Ալեն Սիմոնեան՝ արժանանալով բուռն քննադատութեան թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին