Փաշինեան Եւ Ալիեւ Ընդունած Են Հանդիպելու Առաջարկը

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0302aliyev-pashinyan

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ընդունած են հանդիպելու վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն առաջարկը, կը նշեն համանախագահները, տարածաշրջան այցելութեան արդիւնքներուն մասին 1 Մարտին հրապարակած իրենց վերջնական յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ նաեւ կ՛ըսուի.

«ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները (Իկոր Փոփով՝ Ռուսիա, Սթեֆան Վիսքոնթի՝ Ֆրանսա, Էնտրու Շոֆըր՝ Միացեալ Նահանգներ) 20 Փետրուարին, Երեւանի մէջ հանդիպեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ 21 Փետրուարին, Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ քննարկելու համար մօտիկ ապագային ղեկավարներուն հանդիպումը նախապատրաստելու հարցերը եւ հնարաւոր նիւթերը: Համանախագահները նաեւ քննարկումներ ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Համանախագահներուն միացած էր նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:

Տարածաշրջանին մէջ, հանդիպումներուն ընթացքին ղեկավարները համանախագահներուն տեղեկացուցին Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրին մէջ, Յունուարին, Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած վերջին երկխօսութեան մասին: Երկիրներուն ղեկավարները եւ համանախագահները քննարկեցին ներկայ իրադրութիւնը եւ յետագայ քայլերու ակնկալիքները:

Համանախագահները դրական գնահատեցին սահմանագիծին վրայ զոհերու թիւի շարունակական նուազումը: Անոնք նաեւ ողջունեցին տարածաշրջանին մէջ հասարակութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու վերաբերեալ քննարկումներու աշխուժացումը:

Ղեկավարները ընդունեցին մօտիկ ապագային հանդիպելու վերաբերեալ ԵԱՀԿի Մինսկի խմ-բակի համանախագահներուն առաջարկը»:

Համանախագահները եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը տարածաշրջանային իրենց այցելութեէն ետք մեկնեցան Վիեննա եւ Պրաթիսլաւա, ուր 28 Փետրուարին եւ 1 Մարտին, յաջորդաբար՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի երկիրներու ներկայացուցիչներուն, ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ կառոյցի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցին հանդիպումներուն արդիւնքները:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement