Լուսաւոր Հայաստան Կուսակցութեան Ղեկավարները Կը Հիւրընկալուին ՀՅԴի Կողմէ

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0305lousavor

ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 4 Մարտին, ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան հիւրընկալեցին «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, Ազգային ժողովի համանուն խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Մանէ Թանդիլեանը եւ Գէորգ Գորգիսեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջկուսակցական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, անդրադարձ եղաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, մասնաւորապէս՝ ազգային-պետական օրակարգին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելուն վերաբերող:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ միջկուսակցական շփումները շարունակելու, համագործակցութեան ուրուագծուած ուղղութիւններով համատեղ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու կարելիութիւնները քննարկելու, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, ըստ անհրաժեշտութեան, խորհրդակցութիւններ ունենալու վերաբերեալ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement