ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0305buro

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Շաբաթ, 2 Մարտ 2019ի երեկոյեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները արծարծուած հարցերուն մասին վեհափառին փոխանցեցին կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները, յայտնելով համագործակցելու պատրաստակամութիւն՝ յանուն ազգային միասնականութեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement