Մնացականեան - Արցախին` Բանակցութիւններու Սեղան Վերադարձը Չի Կրնար Զանոնք Փակուղի Տանիլ

By Aztag Daily | Sunday, 17 March 2019

15 մարտին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւնը անընդունելի է` ըսած է. <<Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններու սեղան Արցախի Հանրապետութեան վերադարձը չի կրնար զայն փակուղի մտցնել>>:

<<Մենք պիտի չընենք բան մը, որ փակուղի կը տանի, որովհետեւ մենք կը մնանք տագնապի խաղաղ լուծման հաւատարիմ: Ասիկա շատ էական հարց է, մենք շատ վճռական պիտի շարժինք այդ ուղղութեամբ: Ասիկա շատ սկզբունքային հարց է` ընդունելու, որ Լեռնային Ղարաբաղը ունի որոշիչ ձայն եւ ներգրաւուածութիւն: Ասիկա նորութիւն չէ, բայց ասոր զուգահեռ, որպէսզի մենք արդիւնաւէտ աշխատինք բանակցային գործընթացը  յառաջ տանելու ուղղութեամբ, մենք կարիք ունինք գործնական առումով ընդունելու, որ այդ որոշիչ ձայնի ու ներգրաւուածութեան արտայայտութեան կարիք կայ: Մենք այսօր կը բանակցինք թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի հետ, եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ Ազրպէյճանի հետ: Ասիկա նախապայման չէ, եւ մենք կ՛ուզենք շարունակել քննարկել ու գտնել խնդիրներու լուծումները>>, ըսած է Զոհրապ Մնացականեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement