Եթէ Պաքու Եւ Երեւան Համաձայնին, Մոսկուա Պիտի Ողջունէ Արցախի Ներգրաւումը Բանակցութեանց

By Asbarez | Tuesday, 26 March 2019

0316maria

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ռուսիա՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիր, բազմիցս ըսած է, որ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւնը կարելի է միայն կողմերուն համաձայնութեամբ: Եթէ Պաքու եւ Երեւան համաձայնին, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ներգրաւուի բանակցային գործընթացին մէջ, մենք պիտի ողջունենք այդ որոշումը», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ 15 Մարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումին:

«ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը 9 Մարտին տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յստակ կերպով նշուած է Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այս հարցին գծով», աւելցուց Զախարովա:

Յիշեցնենք, որ երկու օր առաջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախազգուշացուցած էր Ատրպէյճան մեկնող Ռուսիոյ քաղաքացիներուն, որ մանրակրկիտ կերպով գնահատեն նման քայլի մը հաւանական վտանգները: Ըստ նախարարութեան՝ Արցախի հարցին պատրուակով Ատրպէյճանի սահմանապահ ուժերը կը շարունակեն արգիլել մուտքը «այն քաղաքացիներուն, որոնք հայ ազգին պատկանելու ուղղակի կամ անուղղակի յատկանիշներ ունին»՝ բացատրելով, որ ներկայ հանգրուանին կարելի չէ երաշխաւորել նման անձերու ապահովութիւնը:

Ռուսական կողմի դիմումները, որ անթոյլատրելի են ազգային պատկանելութեան հողի վրայ խտրական դրսեւորումները Ռուսիոյ քաղաքացիներու նկատմամբ, կ՛անտեսուին Պաքուի կողմէ, ըսուած էր Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

15 Մարտին, «Բաքու» թերթը հարցազրոյց մը հրապարակեց ատրպէյճանական ծագումով ռուս լրագրող Ռովշան Ասքերովի հետ, որուն մէջ ան պնդած էր, թէ չի կրնար ազատօրէն այցելել Հայաստան: Զախարովա 15 Մարտին յիշատակեց այս հարցազրոյցը եւ ըսաւ, թէ ոչ իրեն, ոչ ալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնի են նման դէպքեր եւ կոչ ըրաւ բոլորին, որ Մոսկուային տեղեկացնեն, երբ Ռուսիոյ քաղաքացիներ արտաքսուին Երեւանի օդակայանէն, իրենց ատրպէյճանական ծագումին պատճառով:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement