ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Ապրիլեան Հերոսներու Յիշատակին

By Asbarez | Monday, 08 April 2019

0403ishkhan

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ եւ ՀՅԴ երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ Երեքշաբթի, 2 Ապրիլին՝ քառօրեայ պատերազմի 3րդ տարելիցին օրը, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ խնկարկեցին նահատակ տղաներուն յիշատակը ու ծաղիկներ զետեղեցին անոնց շիրիմներուն առջեւ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ապրիլեան պատերազմին կամաւորագրուած Իշխան Սաղաթէլեան այս առթիւ յայտնեց, որ 2016ի Ապրիլը մեր պետութեան եւ ազգին համար զգօնութեան կոչ էր, որ պէտք է առաւելագոյնս ուշադիր ըլլանք սահմաններու պաշտպանութեան:

«Երբ թշնամին հերթական անգամ ագրեսիա (յարձակում-Խմբ.) իրականացրեց մեր պետութեան նկատմամբ, շնորհիւ այս հերոսների, մեր տղաների կարողացանք պաշտպանել մեր հայրենիքի սահմանները: Շատ կարեւոր է, որ, մեր հերոսներին ըստ արժանւոյն գնահատելով, կարողանանք շարունակական պահել մեր ազգի միասնականութիւնը եւ մեր հերոսների, հերոսների ընտանիքների կողքին լինենք», ըսաւ Սաղաթելեան:

Ան շեշտեց, որ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի, որովհետեւ անիկա տակաւին աւարտած չէ: Իսկ խաղաղութիւնը, ըստ Սաղաթէլեանի, ձեռք կը բերենք պատերազմին պատրաստ ըլլալու ճանապարհով:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement