Նախագահ Սարգսեան Արցախի Հարցին Գծով Բոլորովին Կ՛աջակցի Վարչապետի Քաղաքականութեան

By Asbarez | Saturday, 13 April 2019

0413armensarkissian

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ամբողջական աջակցութիւնը  յայտնեց Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի վարած քաղաքականութեան: Այս մասին նախագահը խօսեցաւ Ուրբաթ, 12 Ապրիլին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին:

«Ի վերջոյ, Ղարաբաղեան հիմնահարցի շուրջ երկար տարիների բանակցութիւններն ու այսօրուայ բանակցութիւններն ունեն մէկ նպատակ՝ խաղաղ լուծում գտնել: Ես, որպէս ՀՀ նախագահ, չեմ մասնակցում բանակցութիւններին: Դրանց մասնակցում են ՀՀ վարչապետն ու արտաքին գործերի նախարարը, իմ ողջ աջակցութիւնն եմ յայտնում նրանց: Այդ բանակցութիւններն ի վերջոյ յաջող աւարտի են բերելու, այսինքն՝ աւարտի, որտեղ մենք կը ստանանք վերջնական լուծում Ղարաբաղեան հարցի, ընդ որում՝ խաղաղ ճանապարհով», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Նախագահը նշեց, որ Յորդանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարին յայտնեց իր աջակցութիւնը խաղաղ բանակցային գործընթացին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement