Մամետեարով. Մնացականեանի Հետ Ծաւալուն Եւ Առարկայական Բանակցութիւններ» Տեղի Ունեցան

By Asbarez | Wednesday, 17 April 2019

0417MAMED

ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Երեքշաբթի, 16 Ապրիլին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ յայտարարեց, թէ մէկ օր առաջ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը առաջարկներ:

«Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ ունեցանք շատ ծաւալուն եւ առարկայական բանակցութիւններ: Յստակ կերպով քննարկուեցան այն հարցերը, որոնք մինչեւ այսօր կը խոչընդոտէին բանակցութիւններու յառաջընթացը: Չեմ կրնար խօսիլ լիարժէք յառաջընթացի մասին, սակայն մենք կրցանք աւելի մանրամասն եւ աւելի խոր հասկանալ այն կէտերը, որոնք խնդիրներ յառաջացուցած են մեզի համար՝ հայկական կողմին հետ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Անշուշտ, մէկ հանդիպումով կարելի չէ լուծել բոլոր հարցերը: Այս հանդիպման ձեռքբերումը այն էր, որ մենք հասկցանք, թէ կան այնպիսի հարցեր, զորս պէտք է լուծել: Օրինակ, Հայաստան բարձրացուց կարգավիճակի եւ ապահովութեան վերաբերեալ հարցերը, իսկ մենք՝ բռնագրաւեալ տարածքներէն Հայաստանի զինուած ուժերու հեռացման եւ գաղթականներու հարազատ հողերԸ վերադառնալու հարցերը: Քննարկումները անցան այս չորս հարցերուն շուրջ եւ բանակցութիւնները շարունակելու որոշում տրուեցաւ»։

Ան ընդգծեց, որ հանդիպման ընթացքին կատարուեցան շարք մը առաջարկներ, քննարկումին ներկայ բոլոր կողմերէն։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement