Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպեցաւ Ֆրանսացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

By Asbarez | Thursday, 18 April 2019

0418zohrab

ՓԱՐԻԶ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, Երեքշաբթի, 17 Ապրիլին ընդունուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար ու նշեց, որ հանդիպման օրը զգացական տեսակէտէն մեծ նշանակութիւն ունի Փարիզի Նոթր Տամ մայր տաճարի հրդեհին պատճառաւ: Այս առթիւ, նախարարը հայկական կողմին համերաշխութիւնը յայտնեց Ֆրանսային եւ անոր ժողովուրդին: Զօհրապ Մնացականեան նոյն ժամանակ իր պաշտօնակիցին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նամակը՝ հասցէագրուած Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնին: Փաշինեան այդ նամակին մէջ կը յայտնէ, որ յոյս ունի, թէ  համատեղ ջանքերով անհրաժեշտ քայլերը պիտի ձեռնարկուին՝ Նոթր Տամի նախկին տեսքը վերականգնելու համար:

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ժան-Իվ լը Տրիան գոհունակութիւն յայտնեցին աւանդական բարեկամութեան եւ համընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-ֆրանսական բազմաոլորտ ամուր համագործակցութեան վերաբերեալ՝ ընդգծելով երկուստեք պատրաստակամութիւնը ապահովելու երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակութիւնը՝ նոր նախաձեռնութիւններու միջոցաւ: Զրուցակիցները նշեցին, որ երկկողմանի օրակարգի աւանդական՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, գիտական, կրթական եւ մշակութային ուղղութիւններուն վրայ աւելցած է նաեւ համագործակցութիւնը բարձր արհեստագիտութիւններու, նորարութեան եւ ստեղծագործ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչ որ մեծ ներուժ ունի:

Յատկապէս կարեւոր համարելով ֆրանսահայ համայնքը՝ նախարարները ընդգծեցին անոր հարուստ պատմութիւնը եւ ուրոյն դերակատարութիւնը՝ որպէս կամուրջ երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններուն առաւել ամրապնդման եւ օրակարգի հարստացման ուղղութեամբ:

0418zohrab1

Նախարար Մնացականեան Նոթր Տամ տաճարի դիմաց

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ժան-Իվ լը Տրիան անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ կողմերուն միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին: Այս ամբողջին մէջ նշուեցաւ, որ թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ անոր անդամ պետութիւններուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէն՝ իրաւական նոր հիմք մը կը հանդիսանայ այս համաձայնագիրը: Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը եւ քաղաքական կամքը՝ ապահովելու համար այս համաձայնագիրին արդիւնաւէտ կիրառումը: Նոյն ժամանակ, Մնացականեան կարեւոր համարեց վիզաներու ջնջման նպատակով երկխօսութեան մեկնարկի հարցը: Ան շեշտեց, որ այս գործընթացը հնարաւորութիւն պիտի տայ առաւել ընդլայնելու մարդոց միջեւ շփումները եւ խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն համագործակցութեան ամրապնդման:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին՝ Մնացականեան ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները: Ան վերահաստատեց Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները՝ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման գործընթացին մէջ: Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար բարենպաստ միջավայրի մը ձեւաւորումը՝ վստահութեան ամրապնդման քայլերու միջոցաւ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement