Բակօ Սահակեան Դատարան Դիմելէն Մէկ Օր Առաջ Տեղեակ Պահած Է Փաշինեանը

By Asbarez | Saturday, 18 May 2019

0518pako

ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 17 Մայիսին, ռուսական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց. «Տեղեակ եմ Ռոբերտ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի խնդրանքէն, սակայն, մտադիր չեմ միջամտել այդ հարցին: Նա դիմելուց մէկ օր առաջ ինձ տեղեկացրել է, ես իմ վերաբերմունքը յայտնել եմ. բարոյական տեսանկիւնից ես դրան նորմալ եմ վերաբերւում, քաղաքական տեսանկիւնից՝ որոշ հարցեր կան: Ինչպէ՞ս կը վերաբերուէին Ղարաբաղի դատարանում, եթէ ես փորձէի երաշխաւորել ինչ-որ մէկի համար»:

Փաշինեանը հերքեց այն ենթադրութիւնները՝ ըստ որոնց Քոչարեանի գործով դատավարութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն մօտ Հայաստանի վարչապետին նկատմամբ անվստահութեան աճի յանգեցնել: Փաշինեան համոզուած է, որ Ղարաբաղի մէջ ինք հաւանաբար շատ աւելի աջակցութիւն կը վայելէ, քան Հայաստանի մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement