ՀՅԴ Բիւրոյի Նախկին Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Ենթարկուեցաւ Ամբոխի Յարձակման

By Asbarez | Saturday, 25 May 2019

0521hrant1

ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթավերջը բաւական թէժ էր հայաստանեան ներքաղաքական իրադարձութիւններու առումով: Նախապէս արդէն Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութեան հոլովոյթը հասարակական մեծ լարուածութիւն ստեղծած էր, բայց Շաբաթ օր, Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութիւններու դատարանի վճիռը՝ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու գծով, Առաւել եւս շիկացուց մթնոլորտը: Այդ վճիռին դէմ եղողները հակազդեցին բողոքի ցոյցով եւ երթով:

Այս միջոցին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ իր թոռներուն հետ զբօսնելու ընթացքին, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի 19 տարիներու ներկայացուցիչ, դաշնակցական գործիչ Հրանդ Մարգարեան ենթարկուեցաւ ցոյցին մասնակից ամբոխի յարձակման եւ լուտանքներուն: Այս դատապարտելի արարքը նկատուեցաւ յարձակում ո՛չ միայն Հրանդ Մարգարեանի անձին, այլ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական մեծ ընտանիքին դէմ: Դաշնակցութիւնը իր բարձրագոյն գործադիր մարմինին՝ ՀՅԴ Բիւրոյին եւ իր աշխարհատարած կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններուն հրապարակած յայտարարութիւններուն ընդմէջէն դատապարտեց կատարուած յարձակումը, կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ մանաւանդ վարչապետ Փաշինեանին՝ համապատասխան գնահատական տալու միջադէպին, պատժելու անոր մասնակցողները եւ վերջ տալու երկրին մէջ թշնամանք ու ատելութեան մթնոլորտ տարածելու գործելակերպին: Դատապարտումի յայտարարութիւններ հրապարակեցին եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն կատարուածին գնահատականը կատարելու պահանջով հանդէս եկան ՀՅԴ Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մարմինները:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement