Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կոչ Կընէ Ատրպէյճանին Անվերապահօրէն Կատարելու Հրադադարի Պայմանաւորուածութիւնը

By Asbarez | Thursday, 13 June 2019

0611artsakhdefense

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Ատրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ, յենելով իրենց պաշտպանական գերատեսչութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ տրամադրուած հաղորդագրութեան վրայ՝ տեղեկութիւն տարածեցին, որ իբր թէ հայկական ստորաբաժանումները շփման գիծի տարբեր ուղղութիւններու վրայ, խախտելով հրադադարը՝ բացի զանազան տեսակի հրաձգային զինատեսակներէն, կիրառած են նաեւ 60 մ.մ.ոց ականանետեր (8 արկ):

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, թէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ոչ միայն կը հերքէ տարածուած այս ապատեղեկութիւնը, այլ նաեւ կ՛իրազեկէ, որ 11 Յունիսի օրուան ընթացքին եւ 12 Յունիսի գիշերը ատրպէյճանական կողմը հակամարտ զօրքերու շփման գիծի շարք մը հատուածներու վրայ զանազան տրամաչափի հեռահար եւ դիպուկահար զինատեսակներ գործածած է, ինչպէս նաեւ ՀԱՆ-17 տեսակի նռնականետերով (5 նռնակ)  հարուածած է հայկական դիրքերը:

Ճակատի ամբողջ երկայնքին նաեւ նկատուած է աճ ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերու եւ ռազմական օդանաւերու թռիչքներու, որոնք յաճախ կը խախտէին սահմանուած թռիչքի գօտին:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ ադրբեջանական օդուժի թռիչքները գտնւում են ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցների խիստ վերահսկողութեան տակ, իսկ դիրքապահ ստորաբաժանումները լիարժէքօրէն տիրապետում են առաջնային գծում տիրող օպերատիւ-մարտավարական իրադրութեանը:

ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ է անում ադրբեջանական կողմին ձեռնպահ մնալ իրավիճակն արհեստականօրէն սրելու սադրիչ գործողութիւններից եւ անվերապահօրէն կատարել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների միջնորդութեամբ հրադադարի պահպանման շուրջ ձեքբերուած պայմանաւորուածութիւնը: Հակառակ դէպքում իրավիճակի սրման եւ դրանից բխող հետեւանքների ողջ պատասխանատուութիւնն ընկնում է պաշտօնական Բաքուի վրայ»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement