Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Դարձեալ Արցախ Կը Գտնուի

By Asbarez | Friday, 14 June 2019

0614cox

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Մեծն Բրիտանիոյ լորտերու պալատի անդամ Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս դաձեալ Արցախ կ՛այցելէ: Հինգշաբթի, 13 Յունիսին ան հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:

Նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման, Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:

Երկրին ղեկավարը բարձր գնահատեց պարոնուհիին աջակցութիւնը Արցախին՝ զայն համարելով անշահախնդիր մարդասիրութեան եւ անկեղծ ընկերութեան օրինակելի դրսեւորում:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ հանդիպման ընթացքին նախարարը բարձր գնահատեց Քերոլայն Քոքսի գործունէութիւնը՝ ուղղուած  միջազգային ասպարէզին մէջ Արցախի շահերու պաշտպանութեան, նշելով անկախութեան տարիներուն անոր անգնահատելի ներդրումը Արցախի ժողովուրդի պայքարին՝ յանուն իր գաղափարներու եւ նպատակներու իրականացման:

Հանդիպման ընթացքին նախարարը ներկայացուց ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլը, անդրադարձաւ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան գործընթացի վերջին զարգացումներուն: Տեղի ունեցաւ նաեւ միտքերու փոխանակում՝ Արցախի մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներու վերաբերեալ շարք մը հարցերու շուրջ:

0614cox1

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement