2019ի Առաջին Կիսամեակին Առաւել Քան 12,000 Զբօսաշրջիկներ Արցախ Այցելած Են

By Asbarez | Monday, 15 July 2019

0713Artzakh-Tourist


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2019ի առաջին կիսամեակին, Արցախ այցելած են 12 հազար 606 օտար զբօսաշրջիկներ: Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան:

Ըստ անոր՝ Արցախ կատարած օտար զբօսաշրջիկներու այցելութիւնները, 2018ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ այս տարուան առաջին կիսամեակին աւելցած են 68.5 տոկոսով:

«Արցախում գործող երեք տեղեկատուական կենտրոններում անվճար ծառայութիւններից օգտուել են 580 զբօսաշրջիկներ: Վերջիններս ստացել են համապարփակ տեղեկութիւններ՝ Արցախի զբօսաշրջավայրերի, հիւրանոցների, տրանսպորտային եւ այլ ծառայութիւնների մասին անվճար գրականութեան կամ բանաւոր տեսքով: Յունիսի 1ից գործող «Tourist Bus» զբօսաշրջային աւտոբուսների (հանրակառքերու-Խմբ.) նախագծի շրջանակներում Տողի մելիքական ապարանք, Տիգրանակերտ, Գանձասար եւ Հունոտի կիրճ են այցելել 906 ներքին եւ ներգնայ զբօսաշրջիկներ: 2019ի առաջին կիսամեակում, «Տիգրանակերտ» պետական պատմամշակութային արգելոցի ծառայութիւններից օգտուել է 4425 այցելու», մանրամասնեց Ա. Գրիգորեան:

Ան նշեց, որ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ նոյն ժամանակաշրջանին հաշուըւած են 17 նոր պանդոկներ եւ հիւրատուներ։ Անոնց ընդհանուր թիւը 78 է, 1828 մահճակալներով:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement