Զուիցերահայ Գործարար Վարդան Սրմաքէշ Հետաքրքրուած Է Հայաստանի Մէջ Ներդրումներով

By Asbarez | Saturday, 03 August 2019

0803vartan

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերահայ գործարար Վարդան Սրմաքէշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ ունեցած է տարբեր հանդիպումներ, որոնց ընթացքին հիմնականօրէն քննարկումի նիւթ եղած են Հայաստանի մէջ ներդրումները, նաեւ գործարարները հետաքրքրող բնագաւառներուն մասին տեղեկութիւններու փոխանցում կատարուած է։

Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին գործարարները ներկայացուցած են Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ ընթացիկ եւ ապագայ ներդրումային ծրագիրները։

Յատկապէս քննարկուած են Երեւանի ու մարզերուն մէջ թեթեւ արդիւնաբերութեան, մեքենաշինութեան, մայքրոելեկտրոնային, ժամագործութեան, շինարարութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն վերաբերող նախագիծեր: Առանձին անդրադարձ կատարուած է «Հին Երեւան»ի եւ «Ֆիրդուս»ի թաղամասերու ծրագիրներուն:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստանի մէջ աշխատաշուկային վիճակը եւ այս առումով կարեւոր նկատած իրականացումը այնպիսի կրթական ու մասնագիտական ծրագիրներու, որոնք անմիջական կապ պիտի ունենան աշխատաշուկայի պահանջներուն:

Աւինեան նաեւ նշած է, որ կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ զարգացման այնպիսի ենթակառոյցներու, որոնք պիտի նպաստեն արդիւնաբերական կառոյցներու զարգացման:

Զուիցերահայ գործարար Վարդան Սրմաքէշ նաեւ տեսակցած է Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանի հետ։ Գործարարը նշած է, որ տեղեակ է բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի յառաջընթացին, հայ մասնագէտներու ներուժին, բարձր որակներուն մասին եւ կը փափաքի Հայաստանի մէջ սկսիլ ծրագիրի մը, որ արհեստագիտութեան զուգահեռ կը զարգացնէ մեքանիք մեքենայացման ուղղութիւնը: Ան ընդգծած է, որ կ՛ուզէ Հայաստան ներմուծել նորագոյն, վերջին սերունդի ճշգրիտ հաստոցներ՝ այդպէս, նպաստելով Հայաստանի մէջ արտադրութեան եւ ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման:

Նախարար Յակոբ Արշակեան նշած է, որ ներկայացուած առաջարկը շատ կարեւոր է Հայաստանի յառաջընթացին եւ զարգացման համար, նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է ամէն ձեւով աջակցելու ծրագիրի իրականացման:

Ան դիտել տուած է, որ խորհրդային տարիներէն Հայաստան ունեցած է շատ զարգացած արդիւնաբերական համակարգ, իրենց գործին գիտակ բարձրակարգ ճարտարագէտներ, եւ որ հիմա ալ կան նախագիծեր՝ ռազմարդիւնաբերութեան մէջ կիրառելու համար, եւ ներկայացուած առաջարկը, անշուշտ, պիտի օգնէ այդ ուղղութեամբ արագ յառաջ երթալու եւ զարգանալու:

Նախարարը գործարարին ներկայացուցած է նաեւ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան մօտեցումները, անոր զարգացման վերաբերող առաջնահերթութիւններն ու ծրագիրները: Ան անդրադարձած է «Ինժեներական քաղաք»ի կառուցման ծրագիրին, նշած, որ կը նախատեսուի ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր ճարտարագիտական ընկերութիւնները կեանքի կը կոչեն նոր գաղափարներ՝ գիտահետազօտական նախագիծերէն մինչեւ արտադրութիւն:

Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկային եւս հանդիպում կազմակերպել այն մասնագէտներուն հետ, որոնք կ՛աշխատին ներկայացուած ծրագիրին ուղղութեամբ:

Օգոստոս 2ին Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Դիմատետրի մէջ գրած է, որ 2019 թուականին պիտի սկսի Գիւմրի քաղաքին մէջ «Նազարէթ եւ Սոնա Սրմաքէշ Հանլեան» անունը կրելիք ծննդատան հիմնադրութեան աշխատանքները՝ աւելցնելով, որ այս առնչութեամբ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր, ըստ որուն, ծննդատան կառուցումը պիտի իրականացուի Վարդան Սրմաքէշի ստեղծած հիմնադրամի միջոցներով:

«Նոր ծննդատունը կը նպաստի Շիրակի մարզի առողջապահութեան ոլորտի զարգացմանը եւ կը լուծի տարիներ ի վեր եղած խնդիրները այդ ոլորտում», իր էջին վրայ գրած է ան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement