Արդարադատութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ Ցմահ Դատապարտեալներուն Հետ

By Asbarez | Wednesday, 14 August 2019

0814prison

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան այցելեց «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկը, որուն պետին՝ Գերասիմ Գէորգեանի ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ բանտին մէջ եւ ծանօթացաւ դատապարտուածներուն ապրուստի պայմաններուն, անոնց առողջութեան պահպանման համար հիմնարկին կարելիութիւններուն եւ պայմաններուն, մատուցուած ուտելիքի ցանկին եւ անոր պատրաստութեան ընթացքին:

Նախարար Բադասեան հանդիպում ունեցաւ իրեն հետ զրուցել ուզած ցմահ դատապարտեալներուն հետ, լսեց անոնց մտահոգութիւնները, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերէին քրէական գործերու վերաբացման, պայմանական վաղաժամկէտ ազատման հիմնարկի պատշաճ կիրարկման, ուղղիչ հիմնարկի տեսակը փոխելու նոր դասաւորման, ինչպէս նաեւ Քրէակատարողական ծառայութիւններուն կողմէ պատիժը կրելէ պայմանական վաղաժամկէտ ազատելու, պատիժին չկրած մասը աւելի մեղմ պատժատեսակով փոխարինելու։

Նախարարը տեղեկացուց, որ գործերու վերանայման իրաւասուն  Արդարադատութեան նախարարութիւնն է, հեւետաբար իրատեսական չէ այդ հարցով նախարարութենէն ակնկալութիւն ունենալը։ Ան ըսաւ, որ իրենք յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկեն պայմանական վաղաժամկէտ ազատման հիմնարկը կատարելագործելու եւ ուղղիչ հիմնարկի տեսակը փոխելու կարգաւորումը առաւել ճկուն դարձնելու ուղղութեամբ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement