Ատրպէյճան Փաշինեանի Արցախեան Յայտարարութիւններուն Հարցով Նամակներ Յղած Է ՄԱԿին Եւ ԵԱՀԿին

By Asbarez | Friday, 16 August 2019

0816leyla

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) նամակներով դիմած է ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի (ՄԽ) համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն եւ միւս բոլոր անդամներուն՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն հարցով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լէյլա Ապտուլլաեւա՝ մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի մէկ օր առաջ կատարած յայտարարութիւնը:

14 Օգոստոսին, արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովօայի հետ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ստեփանակերտի յայտարարութիւնը չենթադրեր Արցախեան բանակցային գործընթացին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել:

Ըստ Ապտուլլաեւայի՝ Զօհրապ Մնացականեան, հերթական անգամ կրկնելով Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ստեփանակերտի յայտարարութիւնը, «ինքզինք անյարմար դրութեան մէջ կը դնէ միջազգային հանրութեան, առաջին հերթին՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն առջեւ«:

«Նման անպատասխանատու հռետորաբանութիւն ոչ միայն ամբողջութեամբ կը հակասէ միջազգային իաւունքին, միջազգային միջնորդներու դիրքորոշման, այլ նաեւ կրնայ ջնջել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման միտուած բոլոր ջանքերը», ըսաւ Ապտուլլաեւա՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան նամակներով դիմած է ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն եւ միւս բոլոր անդամներուն, մանրակրկիտ կերպով նկարագրելով իրավիճակին վտանգաւոր ըլլալու երեւոյթը:
Ըստ Ապտուլլաեւայի՝ Ատրպէյճան Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը կը նկատէ իբրեւ «իրավիճակի յետագայ սրման փորձ»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement