ՀՅԴն Պիտի Մասնակցի Արցախի Տեղական Ընտրութիւններուն

By Asbarez | Thursday, 15 August 2019

 

0816grigory

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 15 Օգոստոսին մեկնարկը կատարուեցաւ Արցախի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու քարոզարշաւին: Այս առիթով, «Ապառաժ»ը զրուցեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի հետ, որ անդրադարձաւ ընտրութիւններուն՝ Արցախի կառոյցի մասնակցութեան եւ անկէ ունեցած ակնկալութիւններուն։ Ան նշեց, որ ՀՅԴն մեծ կարեւորութիւն կու տայ ՏԻՄ համակարգի կայացման։

«Համոզուած ենք, որ տեղական ինքնակառավարման մարմինների կայացումը կը նպաստի մեր երկրի զարգացմանը: Մենք կարող ենք իրական զարգացում ունենալ միայն այն պարագայում, երբ պետական կառավարման համակարգում ապահովենք ազգաբնակչութեան մասնակցութիւնը:

«Տեղական կառավարումը երկրի կառավարման համակարգում պէտք է դառնայ առանցքային նշանակութիւն ունեցող դրոյթ: Վերը նշուածի հիման վրայ մեզ համար կարեւորւում են այս ընտրութիւնները», յայտնեց Իշխանեան։
Ըստ անոր՝ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը բոլոր շրջաններուն մէջ ալ կը պաշտպանէ իր կողմէ առաջադրուած համայնքի ղեկավարները եւ աւագանիի թեկնածուները՝ թէ՛ կեդրոնական շրջաններուն, եւ թէ գիւղական համայնքներուն մէջ։ «Յատկապէս կարեւորում ենք Ստեփանակերտը՝ որպէս մայրաքաղաք, որտեղ պաշտպանում ենք քաղաքապետի թեկնածու Գրիգորի Սահակեանին», նշեց ան։

«ՀՅԴ Արցախի տեղական կառոյցներն արդէն հանդիպումներ են ունեցել կուսակցութեան կողմից պաշտպանուող թեկնածուների հետ: Ակնկալում ենք՝ առաւելագոյն ներկայութիւն ապահովել համայնքների ղեկավարների եւ աւագանիների կազմում», եզրափակեց Իշխանեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement