Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկեցին Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները

By Asbarez | Thursday, 03 October 2019

16072_b

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ողջունելով Ռուսիոյ նախագահը՝ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ ԵԱՏՄի աշխատանքներուն եւ տեղի ունեցածը նկատեց յատկանշական իրադարձութիւն, մանաւանդ որ այս ծիրին մէջ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը Սինկափուրի հետ, ուժի մէջ մտաւ Իրանի հետ ազատ առեւտուրի ժամանակաւոր համաձայնագիրը, իսկ ուրախալին այն է, որ այս բոլորը տեղի ունեցան Երեւանի մէջ:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան հաստատեց, որ Ռուսիան Հայաստանի համար ռազմավարական գործընկեր է, եւ Հայաստանը այդ ռազմավարական գործընկերութիւնը աւելի ու աւելի ամուր դարձնելու յոյս ունի:

Նախագահ Փութին իր խօսքին մէջ հաստատեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ռազմավարական բնոյթը՝ նշելով. «Անոնք ամրապնդուած են ո՛չ միայն վերջին տարիներու եւ տասնամեակներու իրադարձութիւններով, այլ նաեւ մեր ժողովուրդներու յարաբերութիւններու դարաւոր պատմութեամբ»:

Ան նաեւ կարեւոր նկատեց ԵԱՏՄի Բարձրագոյն խորհուրդի նիստն ու անոր արդիւնքները, մանաւանդ երրորդ երկիրներու հետ կապը զարգացնելու առումով։

Ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ՝ առանձնազրոյցի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը եւ Ռուսիոյ նախագահը քննարկեցին երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Զրուցակիցները անդրադարձան հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան, ռազմաքաղաքական գործընկերութեան ամրապնդման եւ շրջանային նշանակութիւն ունեցող հարցերու:

Փութին Ռուսիա հրաւիրեց Փաշինեանը։

2 Հոկտեմբերին, վարչապետ Փաշինեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ վստահ է, թէ նախագահ Փութինի հետ հանդիպումները նոր խթան պիտի հանդիսանան հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացման։

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, անոնց զրոյցը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ: Անոր նախորդած էր երկու ռազմավարական դաշնակից պետութիւններու ղեկավարներու պաշտօնական հանդիպում-առանձնազրոյցը: «Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները յուսալի եւ դրական հունի մէջ են», գնահատեց վարչապետ Փաշինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement