Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկեցին Զանազան Հարցեր

By Asbarez | Friday, 11 October 2019

1011Nakharar

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխապատի մէջ ընթացող ԱՊՀի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ, 10 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Սերգէյ Լաւրովի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման գործընթացը:

Նախարարները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարձր մակարդակի հետեւողական երկխօսութիւնը, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ ոլորտային խորհրդակցութիւններուն։

«Գոհացնող է մեր երկխօսութեան, մեր փոխյարաբերութիւնների բարձր մակարդակը, մենք ակտիւօրէն համագործակցում ենք նաեւ միջազգային օրակարգի հարցերի շուրջ: Երեւանում կայացած ԵԱՏՄ գագաթաժողովը լաւ հնարաւորութիւն էր ամենաբարձր մակարդակով անդրադառնալ այդ ինտէգրացիոն հարթակի հետագայ զարգացման հեռանկարներին», նշեց Զօհրապ Մնացականեան:

Անոնք միտքեր փոխանակեցին հայ-ռուս դաշնակցային օրակարգային, բազմակողմանի հարթակներու վրայ՝ ՄԱԿի, ԵԱՀԿի եւ այլն, ինչպէս նաեւ համարկումի գործընթացներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող զանազան հարցերու շուրջ։

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներ, որոնց կարգին՝ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին՝ Թուրքիոյ գործողութիւններով պայմանաւորուած զարգացումները:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացը։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement