Զօհրապ Մնացականեան Մասնակցեցաւ ԱՊՀի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհուրդի Նիստին

By Asbarez | Friday, 11 October 2019

1011Zohrab

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխապատի մէջ, 10 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ԱՊՀի ծիրին մէջ փոխգործակցութեան յետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ կառոյցի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն վերաբերող հարցեր:

Ի շարս այլ հարցերու, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան իր խօսքին մէջ հանգամանալից կերպով ներկայացուց նաեւ Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները, ուր հայկական կողմին առաջնային գերակայութիւններն են Արցախի անվտանգութեան եւ կարգավիճակի հարցերը: Վերահաստատելով Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ տագնապի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումին՝ նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ խաղաղ գործընթացի յաջող զարգանալու համար անհրաժեշտ է, որ բանակցութիւնները չդիտարկուին իբրեւ առաւելապաշտական մօտեցումներու յառաջմղման եւ պարտադրման միջոց: Այս պարունակին մէջ նախարարը անդրադարձ կատարեց նաեւ խաղաղ գործընթացին մէջ պարտաւորութիւններու համաչափութեան ապահովման անհրաժեշտութեան։

Նիստին իբրեւ արդիւնք արտաքին գործոց նախարարները ընդունեցին ԱՊՀի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց գերատեսչութիւններուն միջեւ համագործակցութեան աշխուժացման միտուած գործողութիւններու ծրագիրը, շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք պիտի կանոնակարգեն մասնակից պետութիւններու փոխգործակցութիւնը մարդասիրական ոլորտին մէջ, թմրանիւթերու տարածման հակազդումի, լրատուական անվտանգութեան ապահովման եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Նախարարները որդեգրեցին յայտարարութիւն՝ ի աջակցութիւն տիեզերքի մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքի կանխարգիլման ուղղութեամբ գործնական քայլերու, ինչպէս նաեւ հաւանութիւն տրուեցաւ Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75ամեակին առիթով ուղերձի նախագիծին, որուն ընդունումը նախատեսուած է 11 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք ԱՊՀի գագաթաժողովին:

ԱՊՀի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին՝ որոշում առնուեցաւ յաջորդ նիստը կատարել Ղազախիստանի մէջ, Ապրիլ 2020ին։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement