By Asbarez | Wednesday, 28 December 2011
ՍԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 27ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ Հայաստանի նախագահին առընթեր Սեւանայ լիճի հիմնախնդիրներով զբաղուող յանձնաժողովի նախագահ Վլադիմիր Մովսիսեան ներկայացուց վերջին տարիներուն դրական տեղաշարժերը՝ Սեւանայ լիճի մակարդակի բարձրացման, բնական պաշարներու պահպանման եւ վերականգնման ուղղութեամբ:
Ան նշեց, թէ յաջորդ տարի կը նախատեսուի իրականացնել 48 աշխատանքային ծրագիրներ, որոնց համար տրամադրուած է 44 միլիառ դրամ: Ծրագիրներու մէկ մասի գործադրութիւնը ընթացքի մէջ է՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել լիճի մակարդակը, ապահովել անոր մաքրութիւնը եւ կենսաբազմազանութիւնը։
Վլադիմիր Մովսիսեանի խօսքով, եթէ 1933-2002ի ընթացքին Սեւանի մակարդակը իջած էր 19 մեթրով, առաջ բերելով բացասական հետեւանքներ, բնապահպանական հաւասարակշռութեան առումով՝ 2002ին ուժի մէջ մտած է «Սեւանայ լիճի պահպանման մասին» օրէնքը եւ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին լիճի մակարդակը բարձրացած է 3.82 մեթր:
«Լճի մակարդակի անկումը կասեցուել է, եւ սկսել է լճի մակարդակի բարձրացումը: Մինչեւ 2030 նախատեսւում է լճի մակարդակը բարձրացնել 6 մեթրով», ըսած է ան աւելցնելով, որ խնդիր կայ Արփա-Սեւան փապուղիի վերականգնման հետ, որուն համար պիտի ծախսուի 11.8 միլիառ դրամ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ