ԼՂ Հակամարտութեան Հանգուցալուծումը Հիմնուած Է Փոխզիջման Սկզբունքի Վրայ. Նախարար Մնացականեան

By Asbarez | Wednesday, 13 May 2020

0513Զոհրապ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան տեսակապի միջոցով տեղի ունեցաշ ԱՊՀ նախարարական համաժողովի նիստին բացումը կատարելով՝ յայտնեց, որ Ղարաբաղեան  տագնապին հանգուցալուծումը հիմնուած է փոխզիջման սկզբունքին վրայ: «Դա նշանակում է նաեւ կողմերից որեւէ մէկի առաւելապաշտական դիրքերի մերժում եւ այն պարտաւորութիւնների համադրում, որոնք կողմերը ստանձնում են բալանսաւորուած (հաւասարակշռուած-Խմբ.), ամուր փոխզիջման համար»: Զոհրապ Մնացականեան աւելցուց, որ այդ մօտեցումով ալ պիտի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ լուծման հասնելու մտադրութեամբ աշխատանքը խաղաղ կարգաւորման շրջանակներու մէջ:

«Ես մտադիր չեմ երկար խօսել այս թեմայի շուրջ, մենք շարունակում ենք ինտենսիւօրէն (խտացեալ կերպով-Խմբ.) աշխատել այդ ձեւաչափում: Խաղաղ կարգաւորումն այլընտրանք չունի, մենք նպատակադրուած ենք շարունակել գործնական աշխատանքը, մենք երկու տարի շարունակ իրականացրել ենք այդ գործնական աշխատանքը եւ մտադիր ենք հետագայում եւս շարունակել այն: Ուժի կիրառումը եւ ուժի կիրառման սպառնալիքները մերժւում են, եւ այսօր հնչեցուած շեշտադրումները խստագոյնս անընդունելի են:

Իր խօսքին մէջ նախարարը հաստատեց, որ նիստին համաձայնեցուած հարցերուն շուրջ Հայաստան առարկութիւն չունի եւ պատրաստ է աջակցելու անոնց։ Նախարարը  դիտել տուաւ, որ առաջարկուած հարցերու ցանկը, տեսականօրէն, կարելի է բաժնել երկու խումբի:

Առաջին խումբին կը պատկանին այն հարցերը, որոնց վրայ նուազ ազդեցութիւն ունի «Քորոնա» ժահրի պատճառով ստեղծուած վիճակը, որոնց կարգին է, օրինակ, «Մշակութային մայրաքաղաքը» շատ հետաքրքրական նախագիծը, որուն իրագործման իրաւունքը 2022ին պիտի փոխանցուի ղրղզական Քարաքոլ քաղաքին։ Այդ շարքին են նաեւ այն համաձայնագիրներու նախագիծերը, որոնք շահագրգիռ պետութիւններու ձեւաչափով պիտի կարգաւորեն պաշտպանական գերատեսչութիւններու փոխգործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ։ «Դրանք միջպետական փոխգործակցութեան կարեւոր ուղղութիւն եւ կարեւոր փաստաթղթեր են։ Ի դէպ, գրեթէ երկու տասնամեակի ընթացքում ԱՊՀ շրջանակներում տուեալ ուղղութիւնների վերաբերեալ ընդունուած փաստաթղթերի ծաւալի վերլուծութիւնից երեւում է, որ դրանք ստորագրողներն այն երկրներն են, որոնք ոչ միայն կազմակերպութեան, այլեւ՝ հինգ կամ վեց պետութիւններ միաւորող առաւել խորացուած ձեւաչափերում գործնականում հաստատել են տուեալ ոլորտներում առաւել սերտօրէն համագործակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը», նշեց Մնացականեան։

Օրակարգի հարցերու երկրորդ խումբին մէջ Մնացականեան նկատի ունեցաւ այն հարցերը, որոնց լուծման համար ակնյայտօրէն ստիպուած են նկատի առնել համավարակի գործօնը։ Անոնց կարգին են միջազգային երիտասարդական համագործակցութեան, մարմնակրթութիւնը, զբօսաշրջութեան, ցանցային համալսարանի եւ մշակոյթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան հիմնական միջոցառումներուն վերաբերող համագործակցային ռազմավարութիւնները:

Այս բարդ շրջանին ան մեծապէս կարեւոր նկատեց պետութիւններու համաձայնեցուած գործողութիւնները, նաեւ՝ «Քորոնա» համաճարակի կանխարգիլման միջոցառումներու համակարգման մէջ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement