Ադրբեջանում Կայանալիք Զօրավարժութիւնը Տեղի Է Ունենում Առանց Նախնական Ծանուցման․ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

By Asbarez | Thursday, 14 May 2020

0515Bashd

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեղեկատուութեան համաձայն՝ 18-22 Մայիսին Ատրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հետախուզական-մարտավարական լայնածաւալ զօրավարժութիւն մը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս գծով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ յատկանշական է, թէ զօրավարժութիւնը ունի բացառապէս յարձակողական բնոյթ, «որի ընթացքում խաղարկուելու են հրթիռահրէտանային, աւիացիոն (օդուժի-Խմբ.), գերճշգրիտ սպառազինութեան զանգուածային հարուածներ հակառակորդի օպերատիւ (ազդու-Խմբ.)  խորութեամբ»:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս հաղորդագրութեամբ ԵԱՀԿի, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք լայնածաւալ զօրավարժութիւնը, ձեւաւորուած աւանդութեան համաձայն, տեղի կ՛ունենայ առանց նախնական ծանուցման, ինչ որ վստահութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման միջոցառում հանդիսացող 2011ի Վիեննայի փաստաթուղթի անտեսման եւ կոպիտ խախտման հերթական դրսեւորում է:

«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դատապարտում է Ադրբեջանի կողմից տարածաշրջանում անվտանգային միջավայրը սրող այդ զօրավարժութեան անցկացումը, ինչը տեղի է ունենալու համաշխարհային մարտահրաւէրի՝ COVID-19 համավարակի դէմ միասնական գործողութիւններով պայքարելու անհրաժեշտութեան պայմաններում եւ ի հեճուկս ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Ա. Գուտերեշի համաշխարհային զինադադարի հաստատման կոչին:

«Կոչ ենք անում ադրբեջանական կողմին զսպուածութիւն դրսեւորել եւ յարգել միջազգային հանրութեան առջեւ ստանձնած յանձնառութիւնները: Միաժամանակ տեղեկացնում ենք, որ զօրավարժութիւնների ընթացքում Հայաստանի հետ պետական սահմանին կամ Արցախի հետ շփման գծին ռազմական տեխնիկայի եւ կենդանի ուժի ցանկացած մօտեցման փորձ կը դիտուի որպէս սադրանք եւ կ՛ունենայ համապատասխան հետեւանքներ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement