Թաւշեայ Յեղափոխութեան Մասին Ես Մենակ Չեմ Ժապաւէնը Միջազգային Փառատօնի Մրցանակակիր

By Asbarez | Saturday, 16 May 2020

0516Tavish

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Հայաստանի մէջ 2018ին տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան մասին պատմող «Ես Մենակ Չեմ» (I am not alone) ժապաւէնը, որուն բեմադրիչն է Կարին Յովհաննիսեան ստացաւ իր տասներորդ մրցանակը` այս անգամ «RiverRun» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին:

Այս մասին կը նշուի ժապաւէնին «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ, ուր տեղադրուած է նաեւ դատական կազմին արժեւորումը։

Դատական կազմը ժապաւէնը կը նկատէ հրապուրիչ, որ կը յիշեցնէ լաւագոյն վաւերագրական արտադրութեան ուժը` բանալով դիտողին աչքերը առաջը այն պատմութեան, որուն մարդիկ ծանօթ չէին, եւ զայն կը ներկայացնէ արուեստի եւ վարպետութեան ճամբով։

«Ամէն ինչ սկսւում է նրանից, որ մի մարդ շրջում է երկրով մէկ` քայլարշաւը մեր աչքի առաջ դարձնելով զանգուածային շարժում: Ֆիլմի դիտումն աւելին է, քան քաղաքական շարժման մասին պասիւ (կրաւորական-Խմբ.) դիտարկումը. Յովհաննիսեանը դիտողին ամբողջովին ընկղմում է պատմուածքի մէջ` անօդաչու թռչող սարքերի նկարահանած գեղեցիկ տեսարաններից մինչեւ շարքային քաղաքացիների բջջային հեռախօսների կադրերը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Ըստ դատական կազմին՝ ժապաւէնը լուսաւոր եւ ոգեշնչող է, արդարեւ, ընտրելով բարդ թեմա, անիկա շատ լաւ խմբագրուած պատմուածքի ընդմէջէն հետաքրքրաշարժ կերպով ներկայացուելով` ցոյց կու տայ բարդ եւ հրատապ պատմութեան բազմաթիւ կողմերը: «Ընտրական տարուան կէսին «Ես մենակ չեմ»ը ժողովուրդին ուժին հզօր յիշեցումն է», կը հաստատէ դատական կազմը։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement