Հայաստանը Չի Բանակցելու Զէնքի Սպառնալիքի Ներքոյ. Փաշինեան Սահմանային Իրավիճակին Մասին

By Asbarez | Tuesday, 19 May 2020

0519Pashinian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ հակառակորդին հետ սահմանը, տասնեակ տարիներ առաջ, նաե հիմա լարուած է, սակայն հիմա, ի տարբերութիւն նախորդող շրջանին, շատ աւելի հանգիստ է: Փաշինեան նման տեսակէտ յայտնեց առցանց ասուլիսի մը ընթացքին` պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:

Լրագրողը մասնաւորապէս նշեց, որ վերջին ամիսներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանը լարուած է, քանի մը օր առաջ հակառակորդը մեծ տրամաչափի զէնքերով կրակած էր Տաւուշի Բերքաբեր գիւղին ուղղութեամբ եւ վնաս հասցուցած բնակելի տուներուն: Ան ուզեց գիտնալ, թէ պետութիւնը ինչպէ՛ս կը մտածէ հակազդել այդ գործողութիւններուն: Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանը վերջին տասնեակ մը տարիներուն լարուած է:

«Եւ այդ իրավիճակը կառավարելի պահելու գործիքակազմը շարունակում է մնալ նոյնը` զինուած ուժերի մարտունակութիւնը եւ մեր համախմբուածութիւնը, ուժեղութիւնը, քաղաքական-բանակցային-դիւանագիտական եղանակները: Մենք մի բան ենք ասել` Հայաստանը չի բանակցելու զէնքի սպառնալիքի ներքոյ: Եւ մենք կարծում ենք, որ Արցախի հարցը ուժային լուծում չունի: Սահմանը լարուած է, եւ եթէ ուզում էք համեմատենք, ի տարբերութիւն նախորդող շրջանի, հիմա սահմանը շատ-շատ աւելի հանգիստ է` բոլոր առումներով», յայտնեց վարչապետը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement