Կան Կասկածներ, Որ Ատրպէյճանցիները Զոհուածներուն Մէկ Մասը Թաղած Են

By Asbarez | Friday, 12 February 2021

0213Ardag

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեան «Հետք»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արցախ անպայման պէտք ունենայ պաշտպանական հիմնարկ: Կարեւոր չէ թէ անիկա ինչպէս կ՛անուանի՝ բանակ, պաշտպանական ուժեր կամ պաշտպանական զօրքեր, բայց գործնական առումով Արցախ պէտք է ունենայ բանակ, պէտք է ապահովէ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը՝ ռուս խաղաղապահներու անվտանգութեան երաշխիքներուն զուգահեռ:

«Ի հարկէ, Ադրբեջանը շատ կ՛ուզէր, որ Արցախում ոչ մի զինուած մարդ չլինէր, կարծում եմ` շատ կ՛ուզէր նաեւ, որ ռուս խաղաղապահ էլ չլինէր: Ադրբեջանի ցանկութիւնն այս առումով որեւէ նշանակութիւն չունի», ըսաւ ան։

Բեգլարեան շեշտեց, որ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ամէնէն ցաւոտ հարցերէն է անհետ կորսուածներուն եւ գերիներուն պարագան։ Ըստ անոր՝ զոհերու աճիւններու յայտնաբերելէն ետք ալ երկար ժամանակ պիտի պահանջէ նոյնականացումը, որուն վերաաբերեալ մեծ հարցեր կան։ «Մարմինների հաւաքագրման, դիահերձարան տեղափոխելու, դիահերձարանից մէկ այլ դիահերձարան տեղափոխելու ժամանակ տուեալների փոխանցումը ձգձգումով է եղել, բայց ամենամեծ խնդիրը եղել եւ մնում է ԴՆԹ հետազօտութիւնների անցկացումն ու տուեալների վերլուծութիւնը», նշեց ան։

Արտակ Բեգլարեան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ կան կասկածներ, որ զոհուածներուն մէկ մասը թաղուած են: «Ադրբեջանական կողմը թաղել է մարտական գործողութիւնների ժամանակ կամ դրանից յետոյ: Կոնկրետ (յստակ, յատուկ-Խմբ.) դէպքերում մասսայական գերեզմանները բացուել են, բայց դեռ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կան կատարելու», աւելցուց ան:

Զոհերու աճիւնները եւ գերիները վերադարձնելու գործընթացը Ատրպէյճան միտումնաւոր կերպով կը ձգձգէ: Ամէնէն ցաւոտ հարցը գերիներու վերադարձն է: Ատրպէյճան կը թաքցնէ գերիներու տուեալները: Արտակ Բեգլարեան դժուարացաւ գերիներու յստակ թիւ տալ՝ նշելով, թէ Խծաբերդի 59 անձերէն բացի կան տասնեակ այլ պարագաներ` քաղաքացիական անձերու եւ ռազմագերիներու:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement