Քոչարեան Դատ Բացաւ Փաշինեանի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ

By Asbarez | Thursday, 08 April 2021

0409TAD

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան դարձեալ դատական հայց ներկայացուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ:

Ներկայացուած հայցով կը պահանջուի հաստատել հայցուորի արդար դատաքննութեան իրաւունքի խախտումը, հատուցել խախտման իբրեւ արդիւնք արձանագրուած ոչ-նիւթական վնասը, պարտաւորեցնել հրապարակայնօրէն հերքել հայցուորի վերաբերեալ հնչեցուած արտայայտութիւնները եւ հատուցել զրպարտութեամբ հայցուորին պատճառ դարձած ոչ-նիւթական վնասը:

Քոչարեանի ներկայացուցիչ Հայկ Ալումեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ դատին պատճառը այն է, որ Մարտ 1ին` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին ընթացքին ունեցաւ արտայայտութիւն մը, որմով զրպարտեց Քոչարեանը` առանց նկատի ունենալու անմեղութեան կանխավարկածը:

«Մի երկարաշունչ ելոյթ է, որտեղ խօսւում է, որ 2008 թուականի Մարտի 1ին իշխանութիւնները ժողովրդի դէմ տանկեր են հանել` ժողովրդի վրայ կրակելու համար, եւ դրանից բխող նմանօրինակ տարբեր մտքեր է հնչեցրել: Նաեւ ասել է, որ դրա համար էլ դատավարութիւնը ձգձգում են, որպէսզի այդ ամէն ինչը չպարզուի եւ այլն», յայտնեց Ալումեան:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ ինչո՛ւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ՝ Ալումեան ըսաւ. «Բացի այն, որ պարոն Փաշինեանը այդ ելոյթի ժամանակ զբաղեցնում էր եւ մինչեւ հիմա էլ զբաղեցնում է Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, այդ ելոյթը հէնց այդ նոյն արտայայտութիւններն էլ մէջը տեղադրուել է նաեւ կառավարութեան եւ վարչապետի պաշտօնական էջերում, դրա համար նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեանը»:

Ընդհանուր առմամբ ներկայացուած է 4 միլիոն դրամի փոխհատուցման պահանջ` զրպարտութեան եւ անմեղութեան կանխավարկածի համար:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement