Ստեփանակերտի Մէջ Նշուեցաւ Արթուր Մկրտչեանի Մահուան 29րդ Տարելիցը

By Asbarez | Wednesday, 14 April 2021

0415Arthur2

0415Arthur1ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 14 Ապրիլին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 29րդ տարելիցին առիթով, Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրը այցելեցին, անոր շիրիմին ծաղիկներ զետեղեցին ու յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Վիտալի Բալասանեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ գաղափարակից ընկերներ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, ՀՕՄուհիներ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ եւ Արթուր Մկրտչեանի ընտանիքը ու հարազատները:

«Ապառաժ»ը ներկաներուն հետ զրուցեց Արցախի պետականութեան կերտման գործին մէջ Արթուր Մկրտչեանի դերին մասին: Խօսելով Արթուր Մկրտչեանի մասին`Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան զայն դասեց մեծերու շարքին: «Այս պատերազմի պարտութեան արդիւնքում միայն գիտակցեցինք, որ պարտուել ենք նաեւ այն պատճառով, որ արժեզրկել էինք մեր հերոսներին: Հիմա առաւել քան երբեւէ պէտք է փայփայել, ամէն օր ապրել նրանց թողած աւանդներով, իսկ Արթուր Մկրտչեանը մեզ թողել է ազատ ու անկախ հայրենիք, որը մենք չկարողացանք պահել. չգնահատեցինք: Այսօր այս իրավիճակում ինձ համար դժուար է խօսել այդ մասին: Երեւի պիտի գայ այն ժամանակը, երբ մենք վերադարձնելով մեր հայրենիքի կորուսեալ մասը, կը կաորղանանք գալ ու հպարտօրէն կանգնել նրանց շիրիմների առջեւ ու ասել, որ մենք ձեզ չդաւաճանեցինք», ըսաւ Մետաքսէ Յակոբեան:

Ան Արթուր Մկրտչեանը նկատեց Արցախի պետականութեան հիմնադիր: «Ան ամբողջ հայ ազգին տուած է ազատ ու անկախ Արցախի գաղափարախօսութիւնը», ընգծեց Յակոբեան:

0415Vahram

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան, բնութագրելով Արթուր Մկրտչեանը՝ նշեց, որ անոր յատուկ էր ազնուութիւնը, մարդասիրութիւնը, թէեւ երիտասարդ տարիքին` քաղաքական գործընթացներու համաքայլ շարժելու ունակութիւնը, զոր ան կ՛օգտագործէր ի շահ Արցախի Հանրապետութեան: «Արթուր Մկրտչեանին ոչ միայն բախտ է վիճակուել դառնալ նոր ձեւաւորուող Արցախի Հանրապետութեան առաջին ղեկավարը, այլ միաժամանակ ուրոյն կերպար դառնալ որպէս քաղաքական գործիչ», ըսաւ ան։

Ըստ Վահրամ Բալայեանի՝ այս 30 տարիներուն ընթացքին երբեմն շեղեցանք այն ճամբէն, որ ուղեգծուած էր հանրապետութեան առաջին ղեկավարին կողմէ: «Շեղուեցինք, որովհետեւ օրուայ իշխանութիւնների համար աւելի շահեկան էր իշխանութեան պահպանումը: Այս ճանապարհով գնալով մեր հանրութեանը վերածեցին «ձայն տուող» մասսայի: Հանրային շրջանակում աւելի շատ զարգացաւ նիւթապաշտութիւնը, պատեհապաշտութիւնը, իսկ պետութեան հանդէպ պատասխանատուութիւնը, ցաւօք սրտի սկսեց քայլ առ քայլ մարել` մեզ վերադարձնելով մինչ 88ական թուականներ: Այս հանգամանքները թոյլ չտուեցին մեզ որպէս պետութիւն կայանալ, եւ դիմակայել այն մարտահրաւէրներին, որոնք սպասուում էին մեզ առաջիկայում եւ ըստ էութեան կորցրինք մեր երկիրն ու մեր հազարաւոր երիտասարդներին», ըսաւ Վահրամ Բալայեան:

Կարեւոր նկատելով իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ ձեւաւորուող յարաբերութիւնները՝ ան նշեց, որ այն ժամանակ ժողովուրդը Արթուր Մկրտչեանի հանդէպ վստահութիւն ու հաւատք ունէր, ինչ որ ամէնէն կարեւորն էր երկիրը պահելու գործին մէջ, ապա աւելցուց, որ Արթուրէն ետք իշխանութիւն-ժողովուրդ անջրպետը տարիներու ընթացքին խորացաւ, խաթարեց մեր միասնականութիւնը եւ երկիրը հասցուց կործանման:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement