Ատրպէյճանցի Զինուորներ Գեղարքունիքի Մարզին Մէջ Սպաննեցին Հայ Զինուոր Մը

By Asbarez | Tuesday, 25 May 2021

0526Zoh-1

Կրտսեր Քսանապետ, 1989ի ծնունդ Գ. Խուրշուդեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  25 Մայիս 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։20ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով), Ատրպէյճանի զինուած ուժերու խումբ մը զինուորներ, իրենց հրամանատարներուն կազմակերպութեամբ՝ ապօրինի կերպով հատեցին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Վերին Շորժա բնակավայրի սահմանային հատուածի Հայաստանի պետական սահմանը եւ, ունենալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու դիտաւորութիւն՝ բռնութեան կոչեր ուղղեցին նշեալ շրջանին մէջ պահպանութիւն իրականացնող Հայաստանի զինուած ուժերուն նկատմամբ՝ պահանջելով դիմադրութիւն ցոյց չտալ ու ազատել տարածքը:

Այդ դէպքին լոյսին տակ յառաջացած վիճաբանութեան ընթացքին, անոնք դիտմամբ կրակոցներ արձակեցին Հայաստանի զինուած ուժերուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով N զօրամասի պայմանագրային զինուոր, կրտսեր քսանապետ, 1989ի ծնունդ Գ. Խուրշուդեան վիրաւորուեցաւ որովայնէն: Ան տեղափոխուեցաւ Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոցը, ուր ան մահահացաւ:

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան, իսկ աւելի ուշ լուրին անդրադարձաւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն։

Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինի կերպով հատելու եւ բռնութիւն գործադրելով Հայաստանի տարածքի մասը այլ պետութեան յանձնելու վերաբերեալ գործողութիւններ կատարելու, դիտմամբ Հայաստանի զինուոր սպաննելու դէպքին առթիւ Սեւանի կայազօրի զինուորական դատախազութեան մէջ կը կատարուի հետաքննութիւն։

Այս դէպքին անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ հաստատելով, որ Ատրպէյճան առնչութիւն չունի Վերին Շորժայի սահմանային հատուածին մէջ հայաստանցի զինուորին զոհուելուն հետ՝ նշելով, թէ հակառակորդին ուղղութեամբ կրակ չէ արձակուած։

Ըստ ատրպէյճանական կողմին` 25 Մայիսին հայկական կողմէ զինուորական անձնակազմով եօթը բեռնատարներ փորձած են մօտենալ սահմանային այդ հատուածին, ինչ որ կանխուած է Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներուն կողմէ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement