Մոսկուա Դարձեալ Արձանագրեց Ատրպէյճանի Կողմէ Հրադադարի Խախտման Փաստերը

By Asbarez | Friday, 05 August 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը նախորդ օրուան ընթացքին իր պատասխանատուութեան գօտիին մէջ արձանագրեց ատրպէյճանական զինուժին կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման 4 դեպքեր: Լուրը հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ դիտել տալով, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը՝ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ գործակցելով, այդ միջադէպերը հարթած է եւ շփման գիծին մէջ խախտումներ չեն եղած:

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի «Թելեկրամ»ի ալիքը յայտնեց, որ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար Անտրէյ Վոլքով հանդիպում ունեցաւ Արցախի հասարակական եւ ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ՝ հաստատելով, որ Ռուսիա պիտի ձեռնարկէ բոլոր միջոցներուն՝ Արցախի մէջ իրավիճակի հետագայ սրացումը կանխելու համար:

Հանդիպման ընթացքին զօր. Անտրէյ Վոլքով պարզաբանեց խաղաղապահ զօրախումբի դիրքորոշումը՝ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ եւ տեղեկութիւն տուաւ տարուաւ աշխատանքներուն մասին, նաեւ վստահեցուց, որ Ռուսիա պիտի ձեռնարկէ բոլոր միջոցներուն՝ իրավիճակի հետագայ սրացումը կանխելու համար:

Նշենք, որ 3էն 4 Օգոստոս լուսցող գիշերը եւ առաւօտուն, Արցախի շփման գիծին մէջ մարտավարական իրադրութիւնը յարաբերաբար կայուն է: Լուրը հաղորդեց Արցախի պաշտպանութեան բանակը:

Ըստ Արցախի պաշտպանութեան բանակին՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները որոշ հատուածներու մէջ խախտեցին զինադադարի դրութիւնը՝ կիրառելով զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ: Բանակի ստորաբաժանումներուն մէջ կորուստներ չկան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement