ՀՅԴ-ն գաղափարներով եւ ծրագիրներով մրցակցութեան տեսակէտէ բարձրագոյն դիրքին վրայ է

By Aztag Daily | Tuesday, 21 March 2017



Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն գաղափարներով եւ ծրագիրներով ակնյայտօրէն մրցակցութեան տեսակէտէ բարձրագոյն դիրքին վրայ է, որովհետեւ չկայ որեւէ մէկը, որ  հակադրուի իրենց գաղափարներուն եւ ծրագիրներուն:

<<Մնացածը մեր հասարակութեան, քաղաքացիներու ընտրութիւնն է: Եթէ այսօր ընկերային վիճակը ստիպած է կարգ մը անձերու փորձել մեր քաղաքացիներուն ձայները գնել չնչին, նուազագոյն դրամական յատկացումներով, ատիկա չի նշանակեր, որ քաղաքական ուժը, որ ունի գաղափարներ, ծրագիրներ, զայն պէտք է գնահատել այդ ձեւով>>, <<Թերթ>>-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ  ինչպէ՛ս կը գնահատէ, որ տարբեր հարցախոյզներու եւ կանխատեսումներու մէջ ՀՅԴ-ն յառաջատար դիրքերու վրայ չէ:

Ան կարեւոր նկատեց, որ իրենց գաղափարները եւ ծրագիրները տեղ գտնեն քաղաքացիներու շրջանակներուն մէջ եւ քաղաքացիները գիտակցաբար ընտրութեան երթան, այլ ոչ թէ պահու ազդեցութեան տակ: <<Եթէ ստանանք աւելի մեծ քուէ, կ՛ունենանք աւելի մեծ դրական արդիւնք` երկրի, ազգի ու ժողովուրդի մակարդակով, եթէ չստանանք աւելի մեծ քուէ, մեր ուժերու ներածին չափով համագործակցաբար այլ ազգային մտածողութիւն ունեցող ուժերու հետ կը փորձենք իրականացնել մեր ծրագիրները>>, ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ընտրակաշառք բաժնելու հարցով արդեօք նկատի ունի՞ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, Արծուիկ Մինասեան նշեց. <<Կը կարծեմ, որ բոլոր այն անձերը, անկախ քաղաքական ուժի պատկանելիութենէն, որոնք կը փորձեն ընտրողներու ձայները գնել, ընդ որում միայն անոնք իշխանութեան մէջ չեն, այլ ընդդիմադիր ուժերու մէջ ալ կան այդպիսիները, անձեր, որոնց  համար ընտրութիւնը միայն սովորական խանութէ ապրանք գնելու նման բան մը դարձած է: Այդ բոլորին պէտք է վերջ տրուի եւ եթէ այդ ուժերու ղեկավար մարմինները նոյնիսկ չեն գիտեր այդ մասին, լաւ կ՛ըլլայ գիտնան եւ իրենք ձեռնարկեն պատժիչ գործողութիւններու, հակառակ պարագային ատիկա հակառակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ զանոնք հարուածէ>>, ըսաւ ան:

Արծուիկ Մինասեան խնդիր կը տեսնէ նաեւ, որ կարգ մը մարդիկ չեն գիտակցիր, թէ ո՛րն է պատգամաւորին գործառոյթը: <<Յաճախ տեղական ինքնակառավարման մարմինի գործառոյթը կը շփոթեն պատգամաւորի գործառոյթին հետ, կամ այլ գործառոյթներ կը վերագրեն պատգամաւորի գործառոյթի, այդ պատճառով ալ անիկա կ՛աղաւաղուի>>, ըսաւ ան եւ նշեց, որ իր ըսածը կը վերաբերի անոր, երբ բարեգործութեան, ծրագիրներու, խոստումներու անուան տակ կը փորձեն քաղաքացիներուն ձայները գնել:

Ըստ անոր, բաւական լուրջ ուժեր կան, որոնք կեղծ յայտարարութիւններ կը կատարեն: <<Հիմա կը յայտարարեմ, որ Հայաստանի մէջ չի իրականացուիր աւանդի վերադարձման ծրագիր, ատիկա կեղծ է, սուտ, ապատեղեկատուութիւն, չկայ այդպիսի ծրագիր: Ատիկա ընկերային ծրագիր է, որ աւանդի վերադարձին հետ բացարձակ կապ չունի>>, ըսաւ ան:

 

comments

More headlines

Ազրպէյճանցի Սահմանապահները Բերման Կ՛ենթարկեն Հայաստանի Քաղաքացի Մը

Մոսկուայի Բանակցութիւններուն Ընդառաջ Ստեփանակերտը Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերացնել Պաշարումը

Մոսկուա. «25 Յուլիսին Մոսկուայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան Լաւրով-Միրզոյեան-Պայրամով Բանակցութիւններ. Առանձնայատուկ Պիտի Քննարկուի Խաղաղութեան Պայմանագիրի Նախապատրաստումը»

Համաժողովրդային Խաղաղ Շարժումի Մեկնարկ` Ստեփանակերտի Մէջ

«Բրիտանիան Կոչ Կ՛ուղղէ` Զերծ Մնալու Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Աջակցութեան Քաղաքականացումէն» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Դեսպանատունը

Մոսկուա. «Երեւանը Լեռնային Ղարաբաղը Ճանչցած Է Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութեան Ճակատագիրի Պատասխանատուութիւնը Պէտք Չէ Դնել Երրորդ Երկիրներու Վրայ»

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Բանակցութիւններու Շարունակման»

Քլաար. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Առանց Սահմանափակումներու Վերականգնուի Ուժանիւթի Մատակարարումը, Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժը»

Ազրպէյճան Բերձորի Անցակէտը Փակած Է Միջազգային Կարմիր Խաչի Մեքենաներուն Մէջ Մաքսանենգ Բեռներու Յայտնաբերման Պատրուակով

Advertisement