Արփինէ Յովհաննիսեան ընտրուեցաւ ԵԽԽՎ փոխնախագահ

By Asbarez | Tuesday, 27 June 2017

0627arpine

ԵՐԵՒԱՆ - Երկուշաբթի, 26 Յունիսին, Սթրազպուրկի մէջ մեկնարկեց Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ 26էն 30 Յունիս:

Նստաշրջանի բացման ԵԽԽՎ փոխնախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:

Յիշեցնենք, որ նախորդ նստաշրջանին, Հայաստանի կողմէ փոխնախագահի պաշտօնը կը զբաղեցնէր Հերմինէ Նաղդալեան:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան կազմը փոխուած է, որ երէկ եւս հաստատուեցաւ վեհաժողովին ընթացքին:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement